Լիբանանեան

Շրջանի Ապահովական Վիճակի Բռնկումին Զուգահեռ.  Լիբանան Կը Փորձէ Դրական Չէզոքութիւն Որդեգրել

Շրջանի Ապահովական Վիճակի Բռնկումին Զուգահեռ. Լիբանան Կը Փորձէ Դրական Չէզոքութիւն Որդեգրել

Իրաքէն եւ Սուրիայէն ետք Եմէնի մէջ ապահովական վիճակի բռնկումը երէկ իր վրայ կեդրոնացուց տեղական թէ արտաքին շրջանակներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր Եմէնի մէջ շարունակուող հուսիներու պահանջատիրական պայքարը` մերթ ընդյատակեայ, մերթ բացայայտ, վերջին 24 ժամերուն բռնկեցաւ` տուն տալով բազմաթիւ հարցականներու, շրջանի եւ Լիբանանի իրավիճակին վրայ անոր ազդեցութեան շուրջ: Արդարեւ, արեւմուտքցի մեկնաբաններ «ռազմավարական անկիւնադարձ» նկատեցին Եմէնի վերջին դէպքերուն...

Այանեան Կը Պահանջէ Թունաւոր  Ծուխի Հարցին Լուծումը

Այանեան Կը Պահանջէ Թունաւոր Ծուխի Հարցին Լուծումը

Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան վերջերս անջատ յուշագիրներ յղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրին, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքին եւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպին` պահանջելով լուծում գտնել գործարաններէն մխացող թունաւոր ծուխերուն եւ ցանքերը ջրող կոյուղիներու ջուրերու հարցին: Այանեան իր նամակներուն մէջ կոչ ուղղեց հապճեպ լուծում գտնելու ապառողջ այս երեւոյթին, որուն գլխաւոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` քննարկելով օրակարգի 52 կէտեր: Այս առիթով վարչապետ Թամմամ Սալամ կրկին յիշեցուց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը: Նմանապէս, կառավարութիւնը Արդարադատութեան ատեան փոխանցեց Պթըտհիի ոճիրը, որուն զոհ գացած էր Ֆախրի ամոլը: «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա մերժած են Քաթարի նախկին միջնորդը, որուն հետեւանքով զինուորականներու ազատ արձակման բանակցութիւնները առկախուած են: Ներկայիս աշխատանք կը...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 26 մարտ 2015-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ին:  

Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընդունեց կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքը եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Հանդիպումին ներկայ էր Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան: Լիբանանեան թատերաբեմին զարգացումները դարձան քննարկումի առարկայ: Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի կենսոլորտի հարցերը եւ պահանջուեցաւ, որ նախարարութիւնը դիմէ համապատասխան միջոցառումներու` կենսոլորտային պայմաններու բարելաւման համար:

Պահանջելով Ապրիլ 24-ը Հռչակել  Լիբանանեան Ազգային Սուգի Օր`  «Պիտի Շարունակենք Պահանջել  Հարիւր Տարի Ետք Եւս»  «Էն.Պի.Էն» Կայանէն Յայտարարեց  Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Պահանջելով Ապրիլ 24-ը Հռչակել Լիբանանեան Ազգային Սուգի Օր` «Պիտի Շարունակենք Պահանջել Հարիւր Տարի Ետք Եւս» «Էն.Պի.Էն» Կայանէն Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքները հարիւր տարի ետք եւս», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր լիբանանեան «Էն.Պի.Էն» կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին: Ան վերահաստատեց հայոց պահանջները Թուրքիայէն, նախ եւ առաջ` Թուրքիոյ ճանաչումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան, երկրորդ` իրապէ՛ս եւ ոչ դերասանական կամ ձեւականօրէն` ներողութիւն խնդրել հայերէն եւ երրորդ` ձեռնարկել գործնապէ՛ս հատուցելու հայոց...

Գարնանային Նոր Ռաունտի Հաւանականութեան  Գծով Լուրերուն Զուգահեռ.  Լիբանան Կը Շարունակէ Ամրապնդել  Ներքին Ճակատը Զանազան Մարզերու Մէջ

Գարնանային Նոր Ռաունտի Հաւանականութեան Գծով Լուրերուն Զուգահեռ. Լիբանան Կը Շարունակէ Ամրապնդել Ներքին Ճակատը Զանազան Մարզերու Մէջ

Ժահժահ եւ Պասիլ Հետզհետէ շեշտուած գարնանային նոր «ռաունտ»-ի մը հաւանականութեան գծով լուրերը օր ըստ օրէ հող կը գտնեն: Այս իմաստով նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց նման հաւանականութիւն Քալամունի եւ մերձակայ տարածքին, առանց յստակացնելու բախումներու սկզբնաւորութեան ճշգրիտ թուականը: Իրազեկ աղբիւրներ այդ մէկը կը նախատեսեն յառաջիկայ ապրիլին: Այս մթնոլորտին մէջ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌԵՒԱՆԳԵԱԼ զինուորներու հարցով մօտէն հետեւող շէյխ Ապպաս Զուղէյպ խօսքը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորային ուղղելով ըսաւ. «Փոխանակ դատարանին առջեւ կանգնելու‚ աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ Թուրքիոյ մէջ արցունքի կաթիլ մը թափէիր‚ որպէսզի առեւանգուած զինուորները վերադարձնէիր»: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ ազդարարեց կրթական հաստատութիւնները` սովորական դասընթացք կայացնելէ Ս. Աստուածածնայ Աւետման եւ Ս. Զատկուան ու Աւագ ուրբաթի արձակուրդի օրերուն: Միւս կողմէ, նախանցեալ օր...

Շրջանային Քաղաքական Թէ Ապահովական  Վերիվայրումներուն Զուգահեռ  Լիբանան Կը Պատրաստուի Դիմակալելու  Բոլոր Հաւանականութիւններն Ու Խոստումները

Շրջանային Քաղաքական Թէ Ապահովական Վերիվայրումներուն Զուգահեռ Լիբանան Կը Պատրաստուի Դիմակալելու Բոլոր Հաւանականութիւններն Ու Խոստումները

Այն միջոցին, երբ շրջանի քաղաքական  թէ ապահովական անցուդարձերը կը շարունակեն վերիվայրումներ արձանագրել, Լիբանան կը շարունակէ իր նախապատրաստական քայլերը` դիմակալելու բոլոր հաւանականութիւններն ու վերահաստատելու իր դիրքն ու վարկը յաչս արտաքին աշխարհին: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ կը պատրաստուի դասաւորելու իր թղթածրարը, զոր պիտի ներկայացնէ մօտերս Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանին օժանդակող ու նիւթապէս նպաստող երկիրներու վեհաժողովին: Այս ծիրին մէջ վարչապետը...

Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը  Անդրադարձած Է «Ա.Պէ.Սէ.»-ի Բախումին

Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Անդրադարձած Է «Ա.Պէ.Սէ.»-ի Բախումին

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ թրքական մամուլը անդրադարձած է վերջերս «Ա.Պէ.Սէ.» առեւտրական համալիրին մէջ պատահած միջադէպին, որուն ընթացքին վիրաւորուած էին երկու հայ երիտասարդներ, իսկ երկու թուրքեր` ձերբակալուած: Կալիփոլիի յաղթանակին մասին պատմող «Վերջին նամակը» շարժանկարի ցուցադրութեան ընթացքին, երբ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի անդամներ սրահի մուտքին ցոյց կը կատարէին, Պէյրութի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սիւլէյման Ինան Էօզեըլտըզ ստիպուած եղած էր որոշ ժամանակ «բանտարկուած» մնալ շարժանկարի...

Հայանպաստ Կեցուածքներն Ու Զօրակցութիւնները Կը Շարունակուին. Գործազուրկներու Լիկան Կը Զօրակցի Հայոց Դատին Եւ Պահանջներուն

Գործազուրկներու լիկան երէկ հաղորդագրութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց պահանջներուն եւ 100-ամեակի սեմին բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնը` իր դատը հետապնդելու նաեւ միջազգային ատեաններուն մէջ: «Հայ ժողովուրդը հզօր ժողովուրդ է», աւելցուց հաղորդագրութիւնը` շեշտելով , որ պահանջատէր հայեր արժանի պատիժը տնօրինեցին մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու մարդասպաններուն, եւ հայութեան հատուցման պահանջը արդարացի է: Նմանապէս` Մամուլը Կը Շարունակէ Արձագանգել Լիբանանեան մամուլը երէկ շարունակեց...

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել  Այցելեց Առեւանգեալ Զինուորականներու Ծնողներուն

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել Այցելեց Առեւանգեալ Զինուորականներու Ծնողներուն

ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներու ընտանեկան պարագաները երէկ շարունակելով պատկան կողմերուն հետ իրենց ունեցած խորհրդակցութիւնները, հանդիպում ունեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ: Հանդիպումի աւարտին առեւանգեալ զինուորականներուն ծնողները գոհունակութեամբ արտայայտուեցան տարուող ճիգերուն մասին` մաղթելով, որ անոնք կը յանգին ակնկալուող բարեյաջող եզրայանգումին` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին: Այս առնչութեամբ Սէուտական «Խալիժ» թերթին համաձայն, մօտերս Լիբանան կը հասնին լիբանանեան բանակին խոստացուած...

14-Ամեայ Պատանի Մը Սպաննուած Քուէյխաթի Մէջ

14-Ամեայ Պատանի Մը Սպաննուած Քուէյխաթի Մէջ

14-ամեայ Ալի Ուալիտ Հալում երէկ սպաննուած գտնուեցաւ Աքքարի Քուէյխաթ գիւղի գետին մօտ` իր բնակարանէն 600 մեթր անդին: Սուրիացի պատանին կիրակի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տունէն մեկնած էր իր բջիջային հեռաձայնը լիցքաւորելու համար, 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող վաճառատան մը մէջ: Յետ քննութեանց բացայայտուեցաւ, որ սպանութիւնը կատարուած է անծանօթի կամ անծանօթներու կողմէ մետաղեայ թելով խեղդուելուն պատճառով: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, պատանին նաեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՍԱԼԻ մէջ առեւանգուած Զահեր Ռայիտի հայրը` Հիւսէյն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ առեւանգողներէն, որոնք 200 հազար ամերիկեան տոլարի փրկագին պահանջեցին` իր զաւկին ազատ արձակման համար: ՆՈՐԱԾԻՆ մը մահացած է Աժալթունի մէկ մանկամսուրին մէջ: Մահուան պատճառները ցարդ բացայայտուած չեն: Բժշկական եւ ապահովական պատկան մարմիններ հետաքննութիւն բացած են դէպքին գծով: ՊԱԶԶԱԼԻ քաղաքապետ շէյխ Հաթեմ Օսման Պըրքայէլի ոստիկանատան մօտ բողոք արձանագրեց անծանօթներու դէմ, որոնք...

Հակառակ Շրջանային Կացութեան Գծով  Դրսեւորուող Հակասական Կեցուածքներուն.  Շաբաթավերջի Կեցուածքները Շեշտեցին  Կայունութեան Եւ Ներքին  Երկխօսութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հակառակ Շրջանային Կացութեան Գծով Դրսեւորուող Հակասական Կեցուածքներուն. Շաբաթավերջի Կեցուածքները Շեշտեցին Կայունութեան Եւ Ներքին Երկխօսութեան Անհրաժեշտութիւնը

Գաղտնիք մը չէ, թէ երկրին վարիչներ Լիբանանի կացութեան բարելաւման թէ վատթարացման գծով իրենց համոզումներն ու կեցուածքները կը հիմնաւորեն արտաքին` շրջանային թէ միջազգային կեցուածքներու եւ տուեալներու վրայ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր շաբաթավերջին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ պատերազմական վիճակը երկար պիտի շարունակուի շրջանի ու յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ: «Մօտիկ ապագային կացութեան բարելաւման նշոյլ չեմ տեսներ,...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Ընդառաջ.  Հետզհետէ Կը Շեշտուին  Եւ Կը Բացայայտուին  Հայանպաստ Կեցուածքները

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ. Հետզհետէ Կը Շեշտուին Եւ Կը Բացայայտուին Հայանպաստ Կեցուածքները

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հետզհետէ կը շեշտուին եւ կը բացայայտուին 1915-ի ցեղասպանութեան գծով թրքական դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը: Այս իմաստով լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու խմբակներ յատուկ այս առիթով այցելութեան ձեռնարկած են Հայաստան եւ Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ արձագանգելու 100-ամեակի պատմական ժամկէտին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ, կիրակի, յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով յատուկ հաղորդում սփռեց Հայաստանի...

Գարնանային Յոյսեր` Առեւանգեալ  Զինուորականներուն Հարցով

Գարնանային Յոյսեր` Առեւանգեալ Զինուորականներուն Հարցով

Գարնանամուտին զուգահեռ երկար ատենէ ի վեր առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներու ազատ արձակման հաւանականութիւնները մօտիկ ապագային հետզհետէ կը շեշտուին: Այս իմաստով ուշագրաւ էր բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կեցուածքը, ուր ան արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան տօնացոյցով` գարնանամուտին զուգադիպող մայրերու օրուան առիթով վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` չսակարկելու մօր արցունքներուն վրայ: Ան խոստացաւ իր կարելին ընել ազատ արձակելու զինուորականները` շնորհաւորելով անոնց մայրերը, որոնք Լիբանանին նուիրեցին...

Երկրի Անդորրութեան  Ամրապնդման Միտումով.  Խոստմնալից Ճիգերը Կը Շարունակուին  Քաղաքական Եւ Ապահովական Մակարդակներու Վրայ

Երկրի Անդորրութեան Ամրապնդման Միտումով. Խոստմնալից Ճիգերը Կը Շարունակուին Քաղաքական Եւ Ապահովական Մակարդակներու Վրայ

Երկրի անդորրութեան ամրապնդումը կը շարունակէ առանցքը կազմել պատկան կողմերու ճիգերուն` քաղաքական թէ ապահովական մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանգստացուց լիբանանցիները` ընդգծելով, թէ բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմակալելու ապահովական որեւէ վատթարացման հաւանականութիւն: Զօր. Քահուաժի կ՛ակնարկէր վերջերս յաճախակիօրէն կրկնուող գարնանային «նոր ռաունտ»-ի մը հաւանականութեան` բանակին եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ, Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններու ու յատկապէս...

«Ա. ՊԷ. ՍԷ.»-ի Հայ-Թրքական Միջադէպին Գծով.  Դաշնակցական Երիտասարդութիւնն  Ու Ուսանողութիւնը Դատական Հայց  Պիտի Յարուցեն Պատկան Ատեանին Մօտ

«Ա. ՊԷ. ՍԷ.»-ի Հայ-Թրքական Միջադէպին Գծով. Դաշնակցական Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը Դատական Հայց Պիտի Յարուցեն Պատկան Ատեանին Մօտ

Անցնող չորեքշաբթի, 18 մարտին, Էշրեֆիէի «Ա. Պէ. Սէ.»-ի համալիրին մէջ թրքական ժապաւէնի ցուցադրութեան պահուն, հայ երիտասարդ ցուցարարներու եւ թրքական դեսպանատան ապահովական բաժինի պաշտօնեաներուն միջեւ պատահած միջադէպին գծով, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը որոշեցին դատական հայց յարուցել պատկան ատեաններուն մօտ` տրուած ըլլալով, որ թրքական դեսպանատան ապահովական բաժինի պաշտօնեաները խաղաղ ցոյցով ելոյթ ունեցող հայ երիտասարդները դիմակալած էին բիրտ կերպով`...

Դատապարտելով Հաւատադրժողներուն  Գծով Զօրակցութիւնը`.  Շէյխ Ապպաս Զողէյպ Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ` Ջանալ Վերջ Տալու Զինուորականներու  Արգելափակման Հարցին

Դատապարտելով Հաւատադրժողներուն Գծով Զօրակցութիւնը`. Շէյխ Ապպաս Զողէյպ Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ` Ջանալ Վերջ Տալու Զինուորականներու Արգելափակման Հարցին

ՏԱՀԵՇ-ի Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներու հարցին գծով կայացող քուլիսային «հաշտարար» քայլերը վերստին հրապարակաւ արծարծուեցան վերջին օրերուն, յատկապէս` այս հարցի ծալքերուն իրազեկ շէյխ Ապպաս Զողէյպի կոչերուն ընդմէջէն: Արդարեւ, շէյխ Զողէյպ երէկ հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեց հաւատադրժողական խմբաւորումներուն զօրակցող կողմերուն, յատկապէս` Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ, դադրեցնելու ՏԱՀԵՇ-ի թէ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն իրենց օժանդակութիւնը եւ ճիգ չխնայելու` վերջ տալու լիբանանցի զինուորականներու...

Page 958 of 985 1 … 957 958 959 … 985

Արխիւներ