ԱՌԵՒԱՆԳԵԱԼ զինուորներու հարցով մօտէն հետեւող շէյխ Ապպաս Զուղէյպ խօսքը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորային ուղղելով ըսաւ. «Փոխանակ դատարանին առջեւ կանգնելու‚ աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ Թուրքիոյ մէջ արցունքի կաթիլ մը թափէիր‚ որպէսզի առեւանգուած զինուորները վերադարձնէիր»:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ ազդարարեց կրթական հաստատութիւնները` սովորական դասընթացք կայացնելէ Ս. Աստուածածնայ Աւետման եւ Ս. Զատկուան ու Աւագ ուրբաթի արձակուրդի օրերուն: Միւս կողմէ, նախանցեալ օր նախարար Սաապ Թրիփոլիի մէջ գումարած իր աշխատանքային նիստին ընթացքին յաջողեցաւ համախոհութեան յանգիլ լիբանանեան համալսարանի երրորդ ճիւղի` վարչագիտութեան բաժանմունքի դասերը վերսկսելու գծով յառաջիկայ հինգշաբթի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դիւանի անդամներուն բաժնեց ապրիլի կիսուն նախատեսուող խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգի կէտերը:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարադատութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` վաւերացնելով վարձքերու օրէնքին առնչուող փոփոխութիւնները: Նմանապէս, խորհրդարանական ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` քննելով օրակարգի հրատապ հարցերը:
ՀԱԼՊԱՅԻ ապահովական ուժեր երէկ յաջողեցան ձերբակալել նախանցեալ օր առեւանգուած, բռնաբարուած, ապա սպաննուած 14-ամեայ սուրիացի պատանիին ոճրագործը: