ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներու ընտանեկան պարագաները երէկ շարունակելով պատկան կողմերուն հետ իրենց ունեցած խորհրդակցութիւնները, հանդիպում ունեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ: Հանդիպումի աւարտին առեւանգեալ զինուորականներուն ծնողները գոհունակութեամբ արտայայտուեցան տարուող ճիգերուն մասին` մաղթելով, որ անոնք կը յանգին ակնկալուող բարեյաջող եզրայանգումին` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին:
Այս առնչութեամբ Սէուտական «Խալիժ» թերթին համաձայն, մօտերս Լիբանան կը հասնին լիբանանեան բանակին խոստացուած ամերիկեան զինուորական կազմածները, ինչ որ առաւել եւս պիտի ամրապնդէ բանակին դիրքերը ահաբեկիչներուն դէմ, որոնց գծով բանակը կը պատրաստուի նախայարձակ քայլի դիմել յառաջիկայ ապրիլին` կանխարգիլելու համար այդ զինեալներու յառաջխաղացքը:


