Լիբանանեան

Թրիփոլիի Մէջ Լիբանանեան Համալսարանի Վարչագիտութեան Բաժանմունքի  Քննութիւնները  Առկախուեցան Կարճ Ժամանակով

Թրիփոլիի Մէջ Լիբանանեան Համալսարանի Վարչագիտութեան Բաժանմունքի Քննութիւնները Առկախուեցան Կարճ Ժամանակով

Թրիփոլիի մէջ Լիբանանեան համալսարանի վարչագիտութեան բաժանմունքի երրորդ մասնաճիւղը, երէկ կարճ ատենով առկախեց օրուան քննութիւնները: Արդարեւ, համալսարանի ուսանողները բողոքի ցոյցի դիմեցին` իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելով նոր նշանակուած քրիստոնեայ տնօրէնին` Ժամիլա Եամմինի դէմ: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, որոշ ժամանակ ետք տնօրէնը յաջողած է կայացնել քննութիւնները այն ուսանողներուն հետ, որոնք դասապահ եկած են: Աւելի ուշ Լիբանանեան համալսարանի վարչագիտութեան բաժանմունքի երրորդ մասնաճիւղի պատասխանատու դոկտ. Ղասսան...

Պաշտօնական Արձակուրդ` Աւագ Ուրբաթի Եւ Ս. Զատկուան Առիթով

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շրջաբերականով մը պաշտօնական արձակուրդ յայտարարեց պետական հաստատութեանց եւ քաղաքապետութեանց մէջ, յաջորդաբար 3 եւ 10 ապրիլին` Աւագ ուրբաթի եւ 6 եւ 13 ապրիլին` Ս. Զատկուան տօներուն առիթով` կաթողիկէ եւ յոյն ուղղափառ համայնքներուն մօտ:

Արեւու Կարճատեւ Խաւարում` Լիբանանի Մէջ

Արեւու Կարճատեւ Խաւարում` Լիբանանի Մէջ

16 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, լիբանանցիներ երէկ հետեւեցան արեւու կարճատեւ խաւարումին` Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ: Մէկ դարու ընթացքին չորս անգամ պատահող այս խաւարումը դժբախտաբար կարելի չեղաւ այս անգամ լիովին «ըմբոշխնել» ու դիտել` տրուած ըլլալով, որ ամպերը կը ծածկէին տեսարանը: Նշենք, որ նման մասնակի խաւարում պատահած էր նոյեմբեր 1999-ին եւ օգոստոս 2000 թուականներուն:

Երգչուհի Փասքալ Սաքր Ազնաւուրի Երգը Կը Ձօնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Երգչուհի Փասքալ Սաքր Ազնաւուրի Երգը Կը Ձօնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Լիբանանցի երգչուհի Փասքալ Սաքր իր ձայնով արձանագրած է աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» («Իլ Սոն Թոնպէ») ֆրանսերէն երգը: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ուզեցի իմ ցաւս, արցունքներս եւ ցասումս արտայայտել», ըսած է երգչուհի Սաքր` լիբանանեան լրատու գործակալութեան կատարած իր յայտարարութեամբ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ լուսարձակներէ հեռու այցելեց Պիքֆայա, ուր նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ գլուխ-գլխի խօսակցութիւն ունեցաւ: Ըստ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է զինուորական պատասխանատուներու պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցը: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յատուկ շրջաբերականով մը գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատելի բանակէն հանգստեան կոչումը յետաձգեց 20 սեպտեմբեր 2015-ին: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի պահանջեց մանրամասն քննութիւն բանալ վերջերս անձնասպան...

Նախարարներ Պասիլ Եւ Ապու Սաապ «Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ

Նախարարներ Պասիլ Եւ Ապու Սաապ «Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում` երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն շուրջ: Քննուեցան հայկական վարժարաններուն դժուարութիւնները կրթութեան նախարարին, իսկ Լիբանանէն դուրս գտնուող հայ քաղաքացիներուն հարցերը` արտաքին գործոց նախարարին հետ: Լայնօրէն...

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ժան Օղասապեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Հարիրիի եւ Օղասապեանի կողքին Մուսթաքպալ հոսանքի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պաշիր Իթանի, Ապտել Սալամ Մուսա, Խալիլ Շուքէյր եւ Գրիգոր Քէօշկէրեան: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Աշգարեանի եւ Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ: ՀՅԴ Լիբանանի նոր Կեդրոնական...

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Կարելի  Չէ Լուծել Երեսփոխաններուն Կողմէ  Խորհրդարան Ուղղուելով Եւ Քուէարկելով»  Յայտնեց Յ. Բագրատունի

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Կարելի Չէ Լուծել Երեսփոխաններուն Կողմէ Խորհրդարան Ուղղուելով Եւ Քուէարկելով» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Անպա» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յանձնառու կը մնայ կուսակցութեան ազգային սկզբունքներուն, որոնք որդեգրուած են Լիբանանի անկախութենէն ի վեր: «Այդ սկզբունքներն են զօրակցիլ Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովուրդին համերաշխութեան», յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան ծրագիրներուն զօրակցութեան առումով ՀՅԴ ոչ մէկ անձնական շահ կը...

«Ա.Պէ.«Սէ.»-ի Միջադէպին  Անդրադարձները  Կը Շարունակուին. «Թուրքիա Կը Միտի Հանրութեան Ուշադրութիւնը  Վրիպեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներէն»  Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Ա.Պէ.«Սէ.»-ի Միջադէպին Անդրադարձները Կը Շարունակուին. «Թուրքիա Կը Միտի Հանրութեան Ուշադրութիւնը Վրիպեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներէն» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Չորեքշաբթի երեկոյեան Էշրեֆիէի «Ա. Պէ. Սէ.»-ի շարժապատկերի սրահին մուտքին  պատահած հայ-թրքական միջադէպին գծով անդրադարձները շարունակուեցան եւ մամուլը լայնօրէն արձագանգեց երեւոյթին: Այս ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտ, «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով Լիբանանի թատերասրահներու եւ շարժապատկերի սրահներու պատասխանատուներուն ու առհասարակ վարիչներուն ու հանրութեան կոչ ուղղեց` զգուշանալու թրքական ծուղակին թիրախ դառնալէ: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի...

Քաղաքական Վարչական  Եւ Ընկերային Հարցեր  Առանցքը Կազմեցին  Կառավարութեան Հերթական  Նիստին

Քաղաքական Վարչական Եւ Ընկերային Հարցեր Առանցքը Կազմեցին Կառավարութեան Հերթական Նիստին

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Նախարարաց խորհուրդը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ բացակայութեամբ նախարար Ղազի Զաայթերի: Շուրջ երեք ժամ տեւած նիստին ընթացքին ժողովականները քննարկեցին օրակարգի վրայ դրուած 51 կէտեր: Նախքան այդ սակայն, վարչապետ Սալամ նիստի սկզբնաւորութեան անհրաժեշտ նկատեց նախագահի ընտրութեան կայացումը: Իսկ օրակարգի կէտերէն դուրս, ժողովականները քննարկեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններրէն արտաքսուած լիբանանցիներու պարագան...

Վարչապետ Սալամ Ցաւակցութիւն  Յայտնեց Թունուզի Իր Պաշտօնակիցին

Վարչապետ Սալամ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Թունուզի Իր Պաշտօնակիցին

Վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Թունուզի վարչապետ Հապիպ Սայտին` իր խոր տխրութիւնն ու ցասումը յայտնելով ահաբեկչական այդ գործողութեան համար` մայրաքաղաք Թունուզի «Պարտու» թանգարանին մէջ: «Իմ եւ լիբանանցի ժողովուրդին անունով խստօրէն կը դատապարտեմ այդ բիրտ արարքը, որ թիրախ դարձուց Թունուզի կայունութիւնն ու տնտեսութիւնը», ընդգծեց Սալամ:

Ելեւմուտքի Նախարարը Կը Ձեռնարկէ  Փտածութեան Դէմ Արշաւի` Պէյրութի  Նաւահանգիստի Մաքսատան Մէջ

Ելեւմուտքի Նախարարը Կը Ձեռնարկէ Փտածութեան Դէմ Արշաւի` Պէյրութի Նաւահանգիստի Մաքսատան Մէջ

Ալի Հասան Խալիլ Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ շրջեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի մաքսատան բաժանմունքի զանազան մասերը եւ մօտէն հետեւեցաւ տիրող իրավիճակին: «Ցարդ դատական ատեան փոխանցեցինք ենթադրեալ մուրհակներ ու ստացագիրներ  ներկայացնող 81 ընկերութիւններ», յայտարարեց նախարար Խալիլ` նշելով, որ շարքը երկար է, եւ տակաւին այլ ընկերութիւններ պիտի հետեւին անոնց: Ելեւմուտքի նախարարը շեշտեց, որ պիտի շարունակէ իր այս հետապնդումները` զգուշացնելով բոլոր այն կողմերը,...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  Կոչ Կ՛ուղղէ Փութացնելու Լիբանանին  Խոստացուած Օժանդակութիւնները

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Փութացնելու Լիբանանին Խոստացուած Օժանդակութիւնները

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց միջազգային ընկերութեան անյապաղ գործադրելու իրենց խոստացած օժանդակութիւնները Լիբանանին:  Խորհուրդի 15 երկիրներու ներկայացուցիչները քննարկեցին Լիբանան ապաստանած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու պարագան եւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին հետզհետէ բազմացող եւ վխտացող գաղթականներու երեւոյթին առնչութեամբ` ընդգծելով, որ այս հանգամանքը խիստ ծանր բեռ մըն է Լիբանանի ուսերուն եւ կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ Լիբանանի կայունութեան...

Վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան  Զօրակցութիւնը Լիբանանին`  Էխհորեսթ Շեշտեց Նախագահական  Ընտրութեան Հրամայականը

Վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանին` Էխհորեսթ Շեշտեց Նախագահական Ընտրութեան Հրամայականը

Երկրի ներքին կայունութեան ամրապնդումը` քաղաքական, վարչական, ապահովական թէ տնտեսական առումով, առանցքը կազմեց երէկ երկրի ղեկավարներուն հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, յառաջիկայ քանի մը օրերուն Լիբանանի նախագահական աթոռը պիտի «նշէ» իր թափուր «պատկեր»-ին  300-րդ օրը: Այս ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ անցնող 48 ժամերուն անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին գլխաւոր կուսակցութեանց պետերուն` Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Փաղանգաւոր...

Պըրրի Մօտերս Խորհրդարանը  Լիագումար Նիստի՞ Պիտի Հրաւիրէ

Պըրրի Մօտերս Խորհրդարանը Լիագումար Նիստի՞ Պիտի Հրաւիրէ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերահաստատեց երկրին օրէնսդրական եւ քաղաքական թղթածրարներու լուծման ճիգերուն իր զօրակցութիւնը: Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին մասնակից երեսփոխաններ Պըրրիի վերագրեցին նախագահական ընտրութեան եւ այլ հիմնական ժամկէտներու յարգումին կարեւորութիւնը: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Պըրրի կը պատրաստուի մօտերս խորհրդարանը լիագումար նիստի հրաւիրել, սակայն ան կը սպասէ այս գծով արծարծուելիք հիմնական հարցերու յստակացումին, ինչպէս` նախագահական ընտրութիւնը, պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու...

Հըզպալլա-Մուսթաքպալ Երկխօսութեան  Ութերորդ Հանդիպումը

Հըզպալլա-Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Ութերորդ Հանդիպումը

Միջլիբանանեան երկխօսութեան ճիգերուն ծիրին մէջ առնուող քայլերուն զուգահեռ, երէկ` չորեքշաբթի երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ Մուսթաքպալ-Հըզպալլա երկխօսութեան ութերորդ հանդիպումը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութիւնը վայելող այս նիստին Հըզպալլայի կողմէ ներկայ էին նախարար Հաժ Հասան, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքէն նախարար Նուհատ Մաշնուք, երեսփոխան Սամիր Ժսըր եւ Հարիրիի ներկայացուցիչը: Այս հանդիպումը կու գայ մեղմացնելու վերջերս ստեղծուած լարուած մթնոլորտը` խնդրայարոյց եւ բանավէճի դուռ բացող...

«Պէտք Ունինք Բարեկամ  Երկիրներու Աջակցութեան»  Յայտարարեց Նախարար Արթիւր Նազարեան

«Պէտք Ունինք Բարեկամ Երկիրներու Աջակցութեան» Յայտարարեց Նախարար Արթիւր Նազարեան

«Լիբանանի ջուրերու եւ կոյուղիներու ցանցերը կը կարօտին բարեկամ երկիրներու զօրակցութեան եւ աջակցութեան` կարենալ իրագործելու համար ազգային ռազմավարական ծրագիրները», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ` հովանաւորելով Միջազգային բարգաւաճման ամերիկեան գործակալութեան օժանդակութեան ծրագիրներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Նշելով 34 միլիոն տոլարի ամերիկեան օժանդակութիւնը` Նազարեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը հպարտ է այս ծիրին մէջ իրագործուած քայլերով` ջուրերու հաստատութեանց թէ անոնց ենթակառոյցներու սարքաւորման եւ զարգացման...

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Յստակացնէ

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Յստակացնէ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յստակացուց, որ «այն, ինչ որ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թէ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ չէ յայտարարուած, առնչակից չենք անոր եւ չենք ստանձներ զայն»: Նշենք, որ Աուն-Ժահժահ հանդիպումին առիթով լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին որոշ տեղեկութիւններ հանդիպումին ընդգրկած խօսակցութեանց նիւթերուն մասին: Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երէկ...

Վարձքերու Օրէնքին Լուծումը` Փողոցը

Վարձքերու Օրէնքին Լուծումը` Փողոցը

Վարձքերու նոր օրէնքին գծով եւ յատկապէս անոր մէջ մտցուած կարգ մը փոփոխութիւններէն դժգոհ վարձուոր թէ վարձակալ կողմեր իրենց դժգոհութիւնը «փողոց» պիտի փոխադրեն յառաջիկայ երկուշաբթի: Արդարեւ, վարձուորներու իրաւունքներու պաշտպան յանձնախումբը երէկ կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն եւ համակիրներուն` բողոքի ցոյց մը կազմակերպելու Թանգարանի մուտքին, երկուշաբթի, 23 մարտի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ: Փոխադարձաբար, տանտէրներու պատկան մարմինը կոչ ուղղեց նոյն օրը, նոյն պահուն, նոյն...

Page 959 of 985 1 … 958 959 960 … 985

Արխիւներ