Լիբանանեան

Ժահժահ. «Շրջանին Մէջ  Տիրող Պատերազմական  Իրավիճակը Ազատութեան Դէմ Է  Եւ Ոչ Թէ Քրիստոնեայ Համայնքին»

Ժահժահ. «Շրջանին Մէջ Տիրող Պատերազմական Իրավիճակը Ազատութեան Դէմ Է Եւ Ոչ Թէ Քրիստոնեայ Համայնքին»

Սամիր Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը ազատութեան դէմ է եւ ոչ թէ քրիստոնեայ համայնքին: Ժահժահ ընդգծեց, որ եթէ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ մը ունենար, աւելի դիւրաւ պիտի կարենար յաղթահարել դժուարութիւնները: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ կայուն մթնոլորտ` աւելցնելով, որ Լիբանանի արմատները ամուր կերպով մխրճուած են հողին եւ...

Ապու Ֆաուր Լրջօրէն Կը Հետապնդէ  Համեմներու Թղթածրարը

Ապու Ֆաուր Լրջօրէն Կը Հետապնդէ Համեմներու Թղթածրարը

Հաքիմ եւ Ապու Ֆաուր Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմի հետ: Քննարկուեցան համեմներու թղթածրարը եւ զանոնք առողջապահական ձեւերով լիբանանցիներուն հասցնելու միջոցները: Հաքիմի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք լրջօրէն կը քննարկեն այս թղթածրարը, որովհետեւ արտադրուող համեմներուն մէջ բացայայտած են քաղցկեղ պատճառող բարձր համեմատութիւններ: Ապու Ֆաուր շեշտեց,...

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով.  «Երկխօսութիւնները Որոշակի Իրագործումներ  Կատարած Են` Առանց Շօշափելու Իսկական Ցաւը»

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երկխօսութիւնները Որոշակի Իրագործումներ Կատարած Են` Առանց Շօշափելու Իսկական Ցաւը»

Երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք եւ լիբանանեան այլ համայնքները ներկայացնող...

«Իսրայէլ Եւ Էրտողանի  Թուրքիան Մէկ Մետալին  Երկու Երեսներն Են`  Ահաբեկչութիւն Եւ Ցեղասպանութիւն»  Յայտնեց Յ. Բագրատունի

«Իսրայէլ Եւ Էրտողանի Թուրքիան Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են` Ահաբեկչութիւն Եւ Ցեղասպանութիւն» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պաաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին առաջին իսկ օրէն իրենք շեշտած են, որ այս պատերազմը ո՛չ բարեկարգումներու, ո՛չ ժողովրդավարութեան եւ ո՛չ ալ մարդկային իրաւունքներու հետ կապ ունի, այլ` անիկա պատերազմ մըն է, որուն նպատակն է հարուածել Սուրիան, որ սիոնականութեան դէմ կը ներկայանայ իբրեւ հզօր ուժ: Յ. Բագրատունի...

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց  Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան շնորհիւ կայունութիւն մը արձանագրուած է: Պըրրի նաեւ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը շօշափելի կայունութիւն մը արձանագրած է երկրին մէջ եւ փաստած, որ անիկա ազգային կարիք...

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը  Մեծագոյն Մտահոգութիւնն Է»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Մեծագոյն Մտահոգութիւնն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Փղոսկրեայ ափունքի դեսպանին հետ հանդիպումէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արաբական տնտեսական բարգաւաճման քուէյթեան սնտուկի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Ուահապ Պատըրը` ներկայութեամբ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի: Հանդիպումէն ետք Պատըր յայտնեց, որ քննարկած են քուէյթեան սնտուկին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անոր հետապնդած բարգաւաճման ծրագիրները: Վարչապետ Սալամին պահանջով որոշուեցաւ երկարաձգել սնտուկին աշխատանքները: Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի...

Առեւանգուած Բանակայիններուն  Ընտանիքները Փակեցին Պէյրութի Մուտքերը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Փակեցին Պէյրութի Մուտքերը

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ կէսօրին փակեցին Պէյրութի բոլոր մուտքերը` երթեւեկի ահաւոր խճողումի մատնելով անցորդները: Բանակայիններուն ընտանիքները բողոքեցին իրենց զաւակները ազատ արձակելու իմաստով  կատարուող բանակցութիւններուն արձանագրած ցարդ ապարդիւն իրավիճակին դէմ: ԺԱՄ մը ետք ճամբան վերաբացուեցաւ: Երեկոյեան ժամը շուրջ 6:45-ին բանակայիններուն հարազատները հրկիզուող անիւներով փակեցին վարչապետարանին մուտքը:    

Պասիլ. «Կը Մերժենք Բանակի Հրամանատարին  Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը»

Պասիլ. «Կը Մերժենք Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը»

Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն է Լիբանանի շահերը պաշտպանելը, աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Պասիլ յայտնեց, որ ինք իբրեւ արտաքին գործոց նախարար իր պարտականութիւնները լիովին կը կատարէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքն է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը իր շուրջ համախմբել: Պասիլ հաստատեց նախագահական աթոռին թափուր մնալու իրականութեան...

Զօր. Փորթոլանօ Այցելեց  Մուքպելի Եւ Ապպասի

Զօր. Փորթոլանօ Այցելեց Մուքպելի Եւ Ապպասի

Մուքպել եւ Փորթոլանօ Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց զօր. Փորթոլանոն, որուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պապ Ռամըլի մէջ ձերբակալեց քաղաքացի մը եւ գրաւեց մեծ քանակով զէնքեր: ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով բանակցութիւնները տակաւին ի զօրու են: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մետասաներորդ պահուն կրնան համաձայնութիւն յայտնել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան...

Շրջանի Կացութեան Բռնկումի Լոյսին Տակ.  Արաբական Վեհաժողովը Կ՛որոշէ  Կէս Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն  Յատկացնել Լիբանանին

Շրջանի Կացութեան Բռնկումի Լոյսին Տակ. Արաբական Վեհաժողովը Կ՛որոշէ Կէս Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Յատկացնել Լիբանանին

Շրջանի, յատկապէս Եմէնի բռնկած կացութեան լոյսին տակ, արաբական երկիրներու ղեկավարներ վեհաժողով մը գումարեցին Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ զբօսաշրջային քաղաքին մէջ: Շաբաթավերջին գումարուած այս վեհաժողովը 500 միլիոն տոլարի անմիջական օժանդակութիւն յատկացնել խոստացաւ Լիբանանին: Իսկ Եմէնի գծով որոշեց արաբական միացեալ ուժեր առաքել բախումներու տաք շրջանները: Ժողովականները հաղորդագրութեամբ մը ընդգծեցին, որ արաբ ղեկավարները խօսքով ու գործով համախոհ են, եւ Եմէնի մէջ արաբական միջնորդութիւնը պիտի...

Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրի  Վերընտրուեցաւ «Ամալ» Շարժումի Նախագահ

Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրի Վերընտրուեցաւ «Ամալ» Շարժումի Նախագահ

«Ամալ» շարժումի յաջորդական նիստերու աւարտին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերընտրուեցաւ «Ամալ» շարժումի նախագահ: Այս մասին շարժումը հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ` պարզելով մանրամասնութիւնները: Պըրրի այս առիթով ստացաւ շնորհաւորական բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ տեղական քաղաքական, կուսակցական թէ այլ կողմերէ, ինչպէս` Մարոնիներու լիկայի նախագահ Ուատիհ Խազենէն եւ այլն:  

Լիբանանի Քրիստոնեայ Արեւմտեան  Դաւանանքները Տօնեցին Ծաղկազարդը

Լիբանանի Քրիստոնեայ Արեւմտեան Դաւանանքները Տօնեցին Ծաղկազարդը

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի բոլոր շրջաններու քրիստոնեայ արեւմտեան եկեղեցիները տօնեցին Ծաղկազարդի տօնը: Այս առիթով արտասանուած քարոզները շեշտեցին երկրի ներկայ հանգրուանին խաղաղութեան ամրապնդումն ու սահմանադրական կարգերու ժամկէտներու յարգումը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան:

Առեւանգեալ Զինուորականներու  Հարցը` Վերստին Սեղանի Վրայ

Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը` Վերստին Սեղանի Վրայ

Առեւանգեալ զինուորականներու հարցը շաբաթավերջին դարձեալ արծարծուեցաւ, յատկապէս այն տխուր լուրերուն լոյսին տակ, ըստ որոնց, ընկերային ցանցերուն մէջ ՏԱՀԵՇ տարածած է նկարը առեւանգեալ զինուորականներէն մէկուն գլխատուած նկարը մարմնոյն` կողքին կանգնած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ մը: Առեւանգեալներուն հարազատները խոր ընդվզումով ու ցասումով պետութենէն պահանջեցին յստակացնել այս հարցին ծալքերը եւ տէր կանգնիլ իրենց պատասխանատուութեան, նախքան որ անոնք  «սաստկացնեն իրենց քայլերը»: Այս գծով կը նախատեսուի, որ...

Պքերքէի Մէջ Պիտի Սկսի  Հոգեւոր Վեհաժողովը

Պքերքէի Մէջ Պիտի Սկսի Հոգեւոր Վեհաժողովը

Այսօր Պքերքէի մէջ պիտի սկսի միջլիբանանեան քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր վեհաժողովը` զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող այս վեհաժողովը կը միտի մօտէն քննել Լիբանանի համակեցութեան դրութիւնը` վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Այս գծով բացայայտ թէ կողմնակի սերտ ճիգեր կը տարուին` պահպանելու Լիբանանի ներքին անդորրութիւնն ու համակեցութիւնը, շարունակելով Լիբանանը ներկայացնել իբրեւ շրջանին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան օրինակ: Հոսկէ` պաշտօնական Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը...

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, շաբաթ, 28 մարտէն կիրակի, 29 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար, այսօր կէս գիշերին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:

Բագրատունի Այցելեց Բանակի Սպայակոյտի Պետին

Բագրատունի Այցելեց Բանակի Սպայակոյտի Պետին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի, որուն հետ երկարատեւ քննարկում ունեցաւ երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութեան եւ սահմանային շրջաններու անդորրութեան ու անձեռնմխելիութեան շուրջ: Բարձր գնահատելով բանակի եւ երկրի զինեալ ուժերուն դերակատարութիւնը յատկապէս ներկայ հանգրուանին` Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեն անոնց` հեռու մնալով կասկած սերմանող...

Մաղթելով, Որ Շրջանային Դէպքերը  Ժխտականօրէն Չազդեն Լիբանանի Վրայ.  Սէյիտ Հասան Նասրալլա Բացայայտեց  Հըզպալլայի Կեցուածքը Շրջանի  Եւ Լիբանանի Իրադարձութիւններուն Գծով

Մաղթելով, Որ Շրջանային Դէպքերը Ժխտականօրէն Չազդեն Լիբանանի Վրայ. Սէյիտ Հասան Նասրալլա Բացայայտեց Հըզպալլայի Կեցուածքը Շրջանի Եւ Լիբանանի Իրադարձութիւններուն Գծով

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ անդրադարձաւ շրջանի կացութեան, յատկապէս` Եմէնի վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ: Նախքան այդ, ան հակիրճ ակնարկով մը վերահաստատեց  Հըզպալլայի կեցուածքը` միջլիբանանեան երկխօսութեան շարունակման գծով, թէեւ «ոմանք Մուսթաքպալ հոսանքին մէջ կը փորձեն խոչընդոտել զայն», ընդգծեց Նասրալլա` կոչ ուղղելով իր հետեւորդներուն ականջ չկախելու խանգարիչ ձայներուն: Նախագահական ընտրութեան թափուր աթոռի հարցին գծով Նասրալլա հաստատեց, որ...

Ամին Ժեմայէլ Կը Զգուշացնէ. «Շրջանի Քրիստոնեաներուն Համեմատութիւնը Նուազած Է Հինգ Առ Հարիւրի»

Ամին Ժեմայէլ Կը Զգուշացնէ. «Շրջանի Քրիստոնեաներուն Համեմատութիւնը Նուազած Է Հինգ Առ Հարիւրի»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ այս օրերուն ձեռնարկած է ամերիկեան շրջապտոյտի մը, Պոսթընի մէջ յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու համեմատութիւնը շրջանին մէջ զգալիօրէն նուազած է` հասնելով հինգ առ հարիւրի համեմատութեան: Նոյն ծիրին մէջ, հայր Ապտօ Ապու Քասմ շեշտեց քրիստոնեաներու գոյատեւումը իրենց բնօրրաններուն մէջ` մերժելով, որ Լիբանան դառնայ քրիստոնեաներու համատեղման վայր:

Զօրաւոր Պայթում Մը Ցնցեց Ատոնիսի Եւ Զուք Մուսպեհի Բնակիչները

Զօրաւոր Պայթում Մը Ցնցեց Ատոնիսի Եւ Զուք Մուսպեհի Բնակիչները

Երէկ կէսօրէ ետք կազի տակառի զօրաւոր պայթում մը ցնցեց Զուք Մուսպեհի Ատոնիս շրջանի ճարտարարուեստի թաղամասը` սարսափի մատնելով շրջանի բնակիչները: Պայթումը, որ պատահած էր անուշահոտի պատրաստութեան գործարանի մը մէջ, քանդած էր գործարանի երկու յարկերը, վիրաւորած երեք հոգի ու ջախջախած քանի մը ինքնաշարժներ: Դէպքը երթեւեկի ահաւոր խճողում մը ստեղծեց մօտակայ թաղերուն մէջ:

Page 957 of 985 1 … 956 957 958 … 985

Արխիւներ