Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` քննարկելով օրակարգի 52 կէտեր: Այս առիթով վարչապետ Թամմամ Սալամ կրկին յիշեցուց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը: Նմանապէս, կառավարութիւնը Արդարադատութեան ատեան փոխանցեց Պթըտհիի ոճիրը, որուն զոհ գացած էր Ֆախրի ամոլը:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա մերժած են Քաթարի նախկին միջնորդը, որուն հետեւանքով զինուորականներու ազատ արձակման բանակցութիւնները առկախուած են: Ներկայիս աշխատանք կը տարուի, որ բանագնաց Ահմետ Խաթիպ վերստին գործի լծուի:

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց երեքշաբթի, 31 մարտի կէսօրին համատարած ցոյցի դիմելու եւ փակելու հաստատութիւնները: Խորհուրդը սպառնաց սաստկացնել իր քայլերը 23 ապրիլէն սկսեալ:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ Հիուսթըն քաղաքի իրենց տան մէջ սպաննուած գտնուեցան լիբանանցի երկու եղբայրներ` 27-ամեայ Ժան եւ 22-ամեայ Ժիլպեր Մաքտեսիները: Ցարդ ոճիրին պատճառները անյայտ են:

ՀԻՒՍԻՍԻ մէջ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներէն գնդապետ Պասսամ Այուպի երէկ հանրութեան ներկայացուց 35-ամեայ երիտասարդը, որ անցնող չորեքշաբթի գիշեր խեղդամահ ընելով սպաննած էր իր մեծ մայրը` Հընտ Մըքատտեմ, գողութեան պատճառով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչները ընդունելով յայտարարեց, որ ինք չէ առաջարկած իր փեսային` հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի անունը բանակի հրամանատարի պաշտօնին համար: «Սակայն այս չի նշանակեր, թէ ան իրաւունք կամ տուեալներ չունի այդ պաշտօնին նշանակուելու», հաստատեց զօր. Աուն:

 

 

 

Նախորդը

Երկար Ընդմիջումէ Ետք` ՔԱԿ-Թրքական Բանակ Բախում

Յաջորդը

Այանեան Կը Պահանջէ Թունաւոր Ծուխի Հարցին Լուծումը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.