Գաղտնիք մը չէ, թէ երկրին վարիչներ Լիբանանի կացութեան բարելաւման թէ վատթարացման գծով իրենց համոզումներն ու կեցուածքները կը հիմնաւորեն արտաքին` շրջանային թէ միջազգային կեցուածքներու եւ տուեալներու վրայ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր շաբաթավերջին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ պատերազմական վիճակը երկար պիտի շարունակուի շրջանի ու յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ: «Մօտիկ ապագային կացութեան բարելաւման նշոյլ չեմ տեսներ, արաբ ժողովուրդներու ահաւոր տառապանքը կը նկատեմ, ասիկա երկարատեւ պատերազմ է արաբներուն միջեւ, արգաւանդ մահիկի շիջումն է», յայտարարած է Ժոմպլաթ Փարիզի մէջ` նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր տեսակցութեան առիթով: Նմանապէս կարգ մը աղբիւրներ դիւանագիտական արեւմտեան աղբիւրի մը վերագրելով իրենց տեղեկութիւնները` անհաւանական նկատեցին շրջանի տագնապին մօտալուտ լուծում մը, «շահերու եւ քաղաքական խրթին բարդութիւններու եւ խաչաձեւումներու պատճառով»: Լիբանանեան «Նահար» թերթին համաձայն, դիւանագիտական նոյն աղբիւրը շրջանին մէջ պատերազմի առնուազն 15 տարի եւս երկարաձգման մտավախութիւնը յայտնած է, «հակառակ դիւանագիտական սերտ ու բազմակողմանի ճիգերուն` բարեյաջող լուծման յանգելու գծով»:
Նմանապէս, նախկին նախարար Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան հարցին գծով խուսափելու արտաքին ազդակներու կամ տուեալներու վրայ գրաւ դնելէ: «Ի վերջոյ պատասխանատուութիւնը լիբանանեան է», ընդգծեց ան: Արիտի յոյս յայտնեց, որ միջլիբանանեան երկխօսութեան հանդիպումները, յատկապէս` Հըզպալլա-Մուսթաքպալ եւ Աուն – Ժահժահ տեսակցութիւնները յանգին դրական արդիւնքներու, նախ եւ առաջ` նախագահական ընտրութեան հարցին գծով:
Միւս կողմէ, լիբանանցի մեկնաբաններ լիայոյս են, որ իրանեան հիւլէական հարցին գծով Իրան-Միացեալ Նահանգներ համախոհութեան մօտալուտ հաստատումը իր դրական անդրադարձները պիտի ունենայ Լիբանանի ներքին կայունութեան ու յատկապէս` միջլիբանանեան երկխօսութեանց արդիւնաւորման ու նախագահական ընտրութեան «թնճուկ»-ի հարթումին վրայ:
Այս ծիրին մէջ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ. «Անկախ շրջանին մէջ տիրող վերիվայրումներէն, երկխօսութիւնը մեզի համար ռազմավարական ընտրանք է եւ պիտի շարունակենք` յարգելով եւ առանց շրջանցելու կողմերու իւրայատկութիւնները»: Նախարար Խալիլ ընդգծեց, որ այն պատճառները, որոնք խթան էին երկխօսութեան նստելու, տակաւին առկայ են եւ անոնք կ՛առնչուին շրջանային հարցերու, որոնց դրական արդիւնաւորումը կրնայ բարենպաստ անդրադարձ ունենալ լիբանանեան կացութեան բարեփոխման վրայ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր կողմերուն երկխօսութեան երկկողմանի թէ եռակողմանի կամուրջներ կերտելու, կազմ ու պատրաստ ըլլալու` դիմակալելու համար հետզհետէ շեշտուող մարտահրաւէրները:
Նմանապէս Բարգաւաճում եւ ազատագրում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը համոզում յայտնեց, որ նախագահական թղթածրարին լուծումը շրջանցեց տեղական հանգրուանը եւ անիկա ուզենք թէ չուզենք ենթակայ է արտաքին դրական թէ ժխտական ազդեցութիւններու: «Հարկադրուած ենք յանգելու համախոհութեան, որ կ՛իրականանայ միայն երկխօսութեան ճամբով», ընդգծեց Հաշեմ:
Իր կարգին, նոյն համախմբումի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց միջլիբանանեան համակեցութեան եւ ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան աւելի քան երբեք այսօր կարիք ունի երկխօսութեան կառչելու: «Այն ինչ որ կը կատարուի շրջանին մէջ բացայայտ փորձ է արաբական աշխարհի աւերման եւ արաբական բանակներու տարտղնումին եւ ուժաթափման», աւելցուց Քպայսի` շեշտելով, որ Ամալ շարժումը պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը, «որովհետեւ մենք կը հաւատանք անոր»:
Իսկ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաուար Սահիլի Պազալիէի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ շրջանի ու Լիբանանի իրավիճակին` ընդգծելով, որ երկխօսութիւնն է մուտքը լուծման եւ Լիբանանի մէջ համախոհութեան ու հասկացողութեան հաստատման: «Այս երկիրը կը կառավարուի միայն հասկացողութեամբ, համախոհութեամբ եւ երկխօսութեամբ», շեշտեց Սահիլի` նշելով, որ Հըզպալլա տակաւին ջատագով է երկխօսութեան եւ նախանձախնդիր նախագահի ընտրութեան:
Նոյնպէս` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց հասկացողութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ անհրաժեշտ է հրատապ հարցերուն գծով համախոհութեան մը շուրջ համաձայնիլ ու երկխօսութեան նստիլ: «Հըզպալլա առանձինն չի կրնար որոշել երկրին տարրական հարցերը, ինչպէս` նախագահի ընտրութեան հարցը, «որուն գծով մենք մեր առաջադրանքը ներկայացուցինք», ընդգծեց Ռաատ` համոզում յայտնելով, որ հաւատադրժողական խումբերը որքան ալ սպառնան, չեն կրնար Լիբանանի մէջ «շրջել սեղանը» եւ անոնք ձիւնհալէն ետք պիտի չհամարձակին յաղթել դիմադրութեան ու (լիբանանեան) բանակին, որոնք կազմ ու պատրաստ կը պատրաստուին դիմակալել բոլոր մարտահրաւէրները:
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը խոր մտավախութիւն յայտնեց տասը ամիսներէ ի վեր առկախուող նախագահական թափուր աթոռի հարցին գծով եւ ըսաւ. «Կ՛աղօթենք, որ երկրին վարիչները անդրադառնան, թէ տասը ամիսներէ ի վեր անլոյծ մնացած նախագահական ընտրութեան հարցը ինչպիսի՛ ժխտական հետեւանքներ կ՛ունենայ երկրին կացութեան վրայ: