Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանի Ապահովական Վիճակի Բռնկումին Զուգահեռ. Լիբանան Կը Փորձէ Դրական Չէզոքութիւն Որդեգրել

Մարտ 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքէն եւ Սուրիայէն ետք Եմէնի մէջ ապահովական վիճակի բռնկումը երէկ իր վրայ կեդրոնացուց տեղական թէ արտաքին շրջանակներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր Եմէնի մէջ շարունակուող հուսիներու պահանջատիրական պայքարը` մերթ ընդյատակեայ, մերթ բացայայտ, վերջին 24 ժամերուն բռնկեցաւ` տուն տալով բազմաթիւ հարցականներու, շրջանի եւ Լիբանանի իրավիճակին վրայ անոր ազդեցութեան շուրջ: Արդարեւ, արեւմուտքցի մեկնաբաններ «ռազմավարական անկիւնադարձ» նկատեցին Եմէնի վերջին դէպքերուն մէջ: Իրազեկ այլ աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ տարիներէ ի վեր Իրան – Սէուտական Արաբիա «պաղ պատերազմ»-ը վերածուի շրջանային տաք ճակատումի:

Նոյն աղբիւրները հարցականներ դրին դէպքերու բռնելիք ուղղութեան գծով, յատկապէս` Հորմուզի անցքէն ետք Մանտեպ անցքին նկատմամբ Իրանի տիրապետութեան գծով, որ ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի համար եւ ուրկէ կ՛երթեւեկեն աշխարհին 80 առ հարիւր քարիւղ հայթայթող քարիւղատար նաւերը:

Եմէնի վերջին իրադարձութիւններն ու ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկչական գործողութիւնները առանցքը պիտի կազմեն Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ շրջանին մէջ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Արաբական վեհաժողովին: Առաջին արձագանգը եկաւ քարիւղի սակէն, որ վեց առ հարիւր յաւելում կրեց շրջանին մէջ:

Լիբանան Կը Փորձէ Չէզոք Մնալ`
Ամրապնդելով Ներքին Ճակատն Ու
Դասաւորելով Իր Թղթածրարները

10613128_874416605948252_6580657172270998134_nԼիբանան, որ յաճախ հայելին եղած է շրջանային մրցակցութեանց եւ քաղաքական ազդեցութեան գօտիներու տարածման, այս անգամ եւս առանցքը կազմեց երկրին բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մտավախութեանց` յատկապէս վախնալով շրջանային իրադարձութեանց ժխտական ազդեցութենէն: Այս գծով գէթ պաշտօնական Լիբանան փորձեց դրական չէզոքութեամբ ներկայանալ հանրութեան:

Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կը զօրակցի բոլոր այն որոշումներուն, որոնք խաղաղարար բնոյթ ունին` իբրեւ օրինակ նշելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագան, ուր զինուորական միջոցառումները բարեյաջող ելք չունեցան: Պասիլ կոչ ուղղեց հետեւելու Լիբանանի համակեցութեան օրինակին եւ խաղաղ միջոցներով լուծում գտնելու շրջանային տագնապներուն: Պասիլ, որ այս յայտարարութիւնը կատարեց Արաբական վեհաժողովի նախապատրաստական արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին, յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի ուղղուի Նիւ Եորք, ուր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի, պիտի քննարկէ ահաբեկչական խմբաւորումներու (ՏԱՀԵՇ, Ժապհաթ Նուսրա) գործած աւերը շրջանի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ: Նմանապէս, վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով պիտի մասնակցի Շարմ Շէյխի Արաբական 26-րդ վեհաժողովին, պիտի փորձէ դրական չէզոք դիրքով ներկայանալ: Այդ մասին աւելի ուշագրաւ էր` երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստը, որ խուսափեցաւ բացայայտ դիրքորոշում յայտարարելէ շրջանային դէպքերուն գծով: Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ Լիբանանի կեցուածքը պիտի փոխանցէ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին:

Իր կարգին, Հըզպալլա, որ բուռն կերպով քննադատեց հուսիներու դէմ սէուտական օդուժի յարձակումները, առաւել եւս պիտի պարզէ իր դիրքը շրջանի կացութեան գծով, ուր ուշագրաւ էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անմիջական զօրակցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ եւ Էրտողանի պատրաստակամութիւնը` զինուորական սարքաւորումներով օգնելու անոր: Այս բոլորին մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա, այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած յայտարարութեամբ պիտի պարզէ կացութեան ծալքերը` գէթ իր դիտանկիւնէն:

Նախորդը

Այանեան Կը Պահանջէ Թունաւոր Ծուխի Հարցին Լուծումը

Յաջորդը

Իտալիոյ Թոսքանա Նահանգը Եւ Սպանիոյ Փինթօ Քաղաքը Ճանչցած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Մարտ 25, 2023
Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մարտ 25, 2023
Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում
Լիբանանեան

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In