Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրի Անդորրութեան Ամրապնդման Միտումով. Խոստմնալից Ճիգերը Կը Շարունակուին Քաղաքական Եւ Ապահովական Մակարդակներու Վրայ

Մարտ 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_kahwajiԵրկրի անդորրութեան ամրապնդումը կը շարունակէ առանցքը կազմել պատկան կողմերու ճիգերուն` քաղաքական թէ ապահովական մակարդակներու վրայ:

Այս ծիրին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանգստացուց լիբանանցիները` ընդգծելով, թէ բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմակալելու ապահովական որեւէ վատթարացման հաւանականութիւն:

Զօր. Քահուաժի կ՛ակնարկէր վերջերս յաճախակիօրէն կրկնուող գարնանային «նոր ռաունտ»-ի մը հաւանականութեան` բանակին եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ, Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններու ու յատկապէս արեւելեան լեռնաշղթայի, Քալամունի եւ Արսալի տարածքին:

«Հաշուի առած ենք ամէն հաւանականութիւն, արեւելեան լեռնաշղթային վրայ ձիւնհալէն ետք», ընդգծեց զօր. Քահուաժի` Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ընդունելով:

Ան հաստատեց, որ ապահովական-զինական նախապատրաստութեանց ծիրին մէջ սէուտական նուիրատուութեամբ ֆրանսական զինական օժանդակութեանց յանձնումի քայլերը սկսած են: Այս գծով ֆրանսացի մասնագէտ զինուորականներու մէկ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Պէյրութ, տրամադրուելիք ֆրանսական կազմածներուն գծով անհրաժեշտ բացատրութիւններն ու փորձերը փոխանցելու համար: Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանեան-ֆրանսական զինուորական յանձնախումբ մը կազմուած է` մօտէն հետեւելու այս հարցի իրագործման քայլերուն: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ ֆրանսական զինուորական կազմածներուն 90-95 առ հարիւրը նոր են եւ չեն գործածուած եւ օժտուած են արդիական սարքաւորումներով: Ան բարձր գնահատեց բանակի դերն ու վարկը` հերքելով երկպառակութեան մասին բոլոր տեղեկութիւններն ու հաւանականութիւնները: Այսօր լիբանանեան բանակի թուաքանակը 58 հազարէն բարձրացած է 70 հազարի, եւ անոնք տեղակայուած են լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Նաեւ` Քաղաքական Գետնի Վրայ

Շրջանի եւ Լիբանանի կացութեան իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, երկրի անդորրութեան ամրապնդման գծով ճիգերը կը շարունակուին նաեւ քաղաքական գետնի վրայ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ֆրանսա կ՛ուզէ վերակենդանացնել կացութեան բարելաւման գլխաւոր ազդակներէն նկատուող` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Այս առնչութեամբ Ս. Զատկուան արձակուրդէն ետք, 5 ապրիլին Պէյրութ պիտի այցելէ ֆրանսացի բարձրաստիճան պատուիրակ մը, շատ հաւանաբար` Ժան Ֆրանսուա Ժիրոն, զարկ տալու համար այս հարցին արդիւնաւորման:

Նոյն ուղղութեամբ միջլիբանանեան երկխօսութեան անջատ հանդիպումները կը շարունակուին երկրին գլխաւոր կողմերուն միջեւ: Այդ խորհրդակցութեանց դրական եզրայանգումները հիմնական ազդակ կը նկատուին առկախ եւ խրթին հարցերու հարթումին, ուր առաջնակարգ դիրքի վրայ է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Նոյն ծիրին մէջ կու գայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութիւնը` սահմանադրական ժամկէտներու յարգումին եւ նախագահական ընտրութեան իրագործման գծով:

Նախագահական ընտրութիւնը նմանապէս առանցքը կազմեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի քննարկումներուն. ան երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:

 

 

 

Նախորդը

«Ա. ՊԷ. ՍԷ.»-ի Հայ-Թրքական Միջադէպին Գծով. Դաշնակցական Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը Դատական Հայց Պիտի Յարուցեն Պատկան Ատեանին Մօտ

Յաջորդը

Կարէն Միրզոյեան. «Ճշդուած Տեղեկութիւններով Ազրպէյճանցի 14 Զինուոր Սպաննուած Է Հինգշաբթի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?