Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան վերջերս անջատ յուշագիրներ յղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրին, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքին եւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպին` պահանջելով լուծում գտնել գործարաններէն մխացող թունաւոր ծուխերուն եւ ցանքերը ջրող կոյուղիներու ջուրերու հարցին:
Այանեան իր նամակներուն մէջ կոչ ուղղեց հապճեպ լուծում գտնելու ապառողջ այս երեւոյթին, որուն գլխաւոր զոհերը լիբանանցի ժողովուրդն ու կենսոլորտն են: