Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութիւնը զէնքի մենաշնորհման որոշումէն ետդարձ պիտի չկատարէ, եւ Պըրրիին յայտնեցի, որ ուրբաթ օրուան նիստը պէտք է ըլլայ հանդարտ ու երկխօսութեամբ եւ պիտի հիմնուի բոլորին համաձայնութիւնը վայելող կէտին վրայ»:
«Պարրաք Լիբանան վերադարձաւ առանց իսրայէլեան պատասխանի, անոր փաստաթուղթը տապալեցաւ, եւ կառավարութիւնը այլեւս անկէ ազատ է», նշեց Մըթրի:
«Ես սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ երկխօսութեան հետ եմ, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի երկկողմանի, մինչեւ իսկ եռակողմ երկխօսութեան հետ», աւելցուց ան:
«Նաուաֆ Սալամը ինծի Պըրրիէն բացատրութիւն ստանալու որեւէ պարտականութիւն չտուաւ, եւ ան իմ կարիքս չունի, որովհետեւ ես նամակաբաշխ չեմ», յայտնեց փոխվարչապետը:
«Հըզպալլան, բանակը եւ կառավարութիւնը համաձայն են դիմակայութենէ խուսափելու, եւ համաձայնութիւնը կը ներառէ ներլիբանանեան տագնապէն խուսափիլը», շեշտեց Մըթրի:
«Սուրիական պատուիրակութեան այցելութեան թուականը ճշդելու բանակցութիւններ կային, եւ այցելութիւնը մօտալուտ էր, սակայն այցելութեան թուական չճշդուեցաւ եւ չխոչընդոտուեցաւ», աւելցուց փոխվարչապետը:
Սալամ Կ՛արձագանգէ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին, մեկնաբանելով փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի խօսքը, նշեց. «Ամերիկեան փաստաթուղթը չորդեգրեցինք, այլ փաստաթուղթին նպատակները, եւ փաստաթուղթին մեր կատարած լիբանանեան բարեփոխումներէն ետք տակաւին անոր յանձնառու ենք»:
Անդրադառնալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէր ուղղելու կարելիութեան` Սալամ ըսաւ. «Պիտի սպասենք լսելու, թէ Պըրրի վաղը ի՛նչ պիտի ըսէ, եւ ըստ այնմ պիտի մեկնաբանենք»:
Մըթրի Կը Յստակացնէ
Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի աւելի ուշ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յստակացուց. «Զրուցավարը օգտագործեց «Պարրաքի փաստաթուղթը տապալեցաւ» բառակապակցութիւնը, ես զայն չօգտագործեցի: Ես բաւարարուեցայ ըսելով, թէ Պարրաք Իսրայէլէն որեւէ նորութիւն չբերաւ»: