Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պետութիւններու շարք մը ղեկավարներ զիս տեղեակ պահեցին, թէ մտադիր են Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալ: ՄԱԿ-ին պիտի դիմենք` լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու համար»:
«Լիբանանի մէջ գաղթակայաններու զէնքը 1969 թուականին իր նպատակին ծառայեց եւ այժմ որեւէ դեր չունի», նշեց Ապպաս:
«Օսլոյի մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան միջեւ փոխադարձ համաձայնութեան շուրջ համաձայնեցանք», ըսաւ ան:
«1988-էն ի վեր Իսրայէլը ճանչցած ենք, սակայն հակառակ անոր Իսրայէլ կ՛արգիլէ պաղեստինեան պետութեան գոյացումը», յայտնեց Ապպաս:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Կազայի մէջ իշխանութիւնը ստանձնելու: Ատոր կարելիութիւնները ունինք եւ Կազայի կառավարման մէջ արաբական կամ միջազգային գործընկերութեան արգելք չունինք»:


