Սիւննի համայնքի Իսլամական գերագոյն խորհուրդը շաբաթ օր հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի նախագահութեամբ եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեց իսլամական եւ ազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի կացութիւնը:
Իսլամական գերագոյն խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց Լիբանանը իր տագնապներէն փրկելու համար լիբանանեան բոլոր բաղադրիչ քաղաքական մասերուն միջեւ սիրոյ, եղբայրութեան, համախմբումի եւ փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց որդեգրելու ազգային ողջմիտ եւ չափաւորական հռետորաբանութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ իսլամական ու ազգային միասնականութեան եւ գործակցութեան ու միախմբման, եւ ոչ թէ` մասնատման, պառակտման եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ դատապարտելի եւ մերժելի դաւաճանութեամբ պիտակաւորման, որ ոմանք սկսած են առանց ազգային պատասխանատուութեան արձակել, ինչ որ կրնայ երկիրը ներքաշել անբաղձալի սադրանքներու եւ հակասութիւններու մէջ:
Իսլամական գերագոյն խորհուրդը ողջունեց «զէնքը պետութեան ու անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն մենաշնորհը դարձնելու նախարարաց խորհուրդի որոշումը` նշելով, որ ատիկա բնական իրաւունքն է բոլոր միջազգային սահմանադրական վարչակարգերուն եւ անիկա լիբանանեան պահանջ է, որ լիբանանեան շահը նկատի ունենայ անկախ արտաքին որեւէ տեսակէտէ, որ կրնայ համահունչ ըլլալ լիբանանեան շահին, եւ անիկա առաջին քայլն է զսպելու սիոնական յարձակումը եւ վերացնելու բռնագրաւումն ու յարձակումը շարունակելու անոր պատրուակները»:
Խորհուրդը նաեւ ողջունեց Լիբանանը յաւելեալ պատերազմներէ ու աւերումէ զերծ պահելու մօտեցումը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումէն վնասուած շրջաններուն մէջ կեանքի վերականգնման եւ վերաշինութեան համար ներքին ու արտաքին նախաձեռնութիւններու ազդեցութեան կարեւորութիւնը:
Իսլամական գերագոյն խորհուրդը լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «համախմբուելու կառավարութեան եւ անոր քաջարի ղեկավար դատաւոր Նաուաֆ Սալամին շուրջ, որ տոկացած է եւ կը տոկայ շատ բանի` Լիբանանը ոտքի կանգնեցնելու, զայն շրջանային պարանաձգութիւններէն դուրս բերելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրը իր ոգիով ու տառով գործադրելու համար, որպէսզի Լիբանանը վերադառնայ իբրեւ միաւորման ու երկխօսութեան վայր եւ համակեցութեան բնորդի ծիրին մէջ վերածուի բազմազանութեան երկրի, որուն կարիքը ունինք մեր արաբական շրջանին մէջ»:
Խորհուրդը ողջունեց երկրին մէջ ու սահմաններուն վրայ բանակին կատարած ազգային մեծ դերակատարութիւնը, եւ պետութեան կոչ ուղղեց` անկեղծութեամբ ու նուիրումով աշխատելու քաղաքացիին վստահութիւնը վերաշահելու, լուծելով ապրուստի, տնտեսական ու առողջապահական խնդիրները, եւ շտապել լուծելու իսլամական կալանաւորուածներու եւ սուրիացի բանտարկեալներու խնդիրը, զբաղելով Արդարադատութեան պալատի միջանցքներուն մէջ կախուած անոնց դատերով, «որոնց ծիրին մէջ արդար վճիռներու եւ այս փշոտ թղթածրարի փակումին կը սպասենք»:
Իսլամական գերագոյն խորհուրդը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն` մաղթելով, որ նոր Սուրիոյ մէջ կը կատարուի դէպի ազատութիւն, մարդկային իրաւանց յարգում եւ ժողովուրդի միասնականութիւն տեսակարար ոստում մը, որ կ՛ընդառաջէ սուրիացի ժողովուրդի իր կրօնական եւ ազգային բաղադրիչներու բազմազանութեամբ ձգտումներուն` ազատութեան, գերիշխանութեան եւ ազգային միասնականութեան ծիրին մէջ: