. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան Նապաթիէի շրջանին վրայ բուռն յարձակումներու շարք մը գործեց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ օդուժը թիրախաւորած է Հըզպալլայի գաղտնի ենթակառոյցները:
. «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ձերբակալած է հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Մաժտալ Զուն գիւղէն երեք երիտասարդներ, որոնք որոշ ժամանակ առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող ուժի մը արգիլած էին գիւղէն անցնիլ:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը մտադիր չէ կատարելու քայլ մը, որ Հըզպալայի կամ անոր ժողովրդային զանգուածին հետ բախումի դուռ կը բանայ, մանաւանդ որ իր միաւորները հիմնականին մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած են, եւ անոնց մեծամասնութիւնը շրջանի բնակիչներէն կազմուած է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Զէնքի մենաշնորհման բանակի ծրագիրը զինուորական հասկացողութեամբ կը կարօտի երկու գործընկերներու` Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի, որոնք ապահովուած չեն»:
. ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Սուրիական պատուիրակութիւնը Պէյրութ իր այցելութիւնը ջնջեց, երբ սուրիական նախկին վարչակարգին հետ ճակատումին առնչուող յանցագործութիւններով կամ իրենց դիրքորոշումներուն պատճառով դատապարտուած բոլոր սուրիացի եւ լիբանանցի կալանաւորուածներու արագօրէն ազատ արձակման շուրջ ժխտական նշաններ ստացաւ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի նախարարներուն կողմէ ուրբաթ օրուան նիստը պոյքոթի ենթարկելու ցուցանիշներ չկան, սակայն շիի երկեակը այնպէս կը վարուի, թէ իր մօտ կը գտնուին երկու վճռորոշ խաղաքարտեր` նիստը պոյքոթի ենթարկելն ու փողոցի խաղաքարտը. հարցը միայն թայմինկէն կախեալ է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան իր առաւելագոյն սպառնալիքն ու ահաբեկումը կատարած է եւ կը կատարէ նախարարաց խորհուրդի նիստի գումարումը արգիլելու համար, սակայն զայն տապալել ձախողելու պարագային կը ջանայ զէնքի մենաշնորհման որոշումի գործադրութեան մեքանիզմի քննարկումը տապալել»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ կան ուղղակի, անուղղակի եւ միջնորդներու ճամբով հաղորդակցութիւններ, եւ հարցերու յստակացման համար ժամանակի կարիքը կայ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քաթար լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ Համասի միջեւ զէնքի յանձնման հարցով միջնորդութիւն կը կատարէ: