Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ»» օրաթերթ. «Լիբանան Ֆրանսայի դեսպանատունէն տեղեկացաւ, թէ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Պէյրութ` երկարաձգման որոշումէն ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի թղթածրարին հետեւելու եւ զէնքի մենաշնորհի հարցին ծանօթանալու համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանը տեղեակ պահելու լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովէն»:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս ամերիկեան բանակի կեդրոնական ղեկավարութեան հրամանատար Պրատ Քրուպըրին պիտի ընկերակցի այս շաբթուան վերջաւորութեան Լիբանանի մէջ ապահովական արագ հանդիպումներ ունենալու, անոր հանդիպումները պիտի սահմանափակուին լիբանանցի ապահովական պատասխանատուներով: Ան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանդիպումներ պիտի չունենայ:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կը յուսայ, որ ուրբաթ օրուան նիստի ընթացքին որեւէ որոշում որդեգրուի միաձայնութեամբ եւ առանց քուէարկութեան»:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ թէեւ տակաւին կառավարութեան նիստի յաջողութեան համար կարգ մը առկախ հարցեր գոյութիւն ունին, սակայն կարելի է ըսել, թէ կ՛ուղղուինք դէպի հիմնականին մէջ հանդարտ եւ յաւելեալ տարակարծութիւններէ հեռու նիստ:

. ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին քաղաքական մեծ ճկունութիւն կը ցուցաբերէ նիստի գումարումը ապահովելու համար, եւ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին պիտի այցելէ Պաապտայի պալատ` քննարկելու համար բանակի առաքելութեան ամբողջական պաշտպանութեան ապահովման կերպը»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Տագնապներու գոյութեան կամ բացակայութեան պայմաններուն մէջ երկխօսութիւնը միշտ ալ պահանջուած է, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի զէնքի հարցին շուրջ երկխօսութեան առաջարկին գծով ոչ ոք տարակարծիք է, եթէ անիկա շարունակուող հաղորդակցութիւններու ծիրին մէջ է, սակայն առանց երկարատեւ եւ ընդլայնուած նիստերու դիմելու»:

. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը յայտարարեց. «Երկխօսութեան որեւէ հրաւէր ողջունելի է, սակայն զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելէ ետք»:

. ԵՐԿԵԱԿԻ աղբիւրները քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդի ուրբաթ օրուան նիստին մասնակցութիւնը ի զօրու է, եթէ անակնկալ զարգացումներ տեղի չունենան: Նախարարները պիտի մասնակցին ժամանակացոյցի շուրջ քննարկումներուն ու մարտահրաւէրներու ներկայացման, իսկ նիստէն պիտի հեռանան այն ժամանակ, միայն, երբ ծրագիրին շուրջ քուէարկութիւն տեղի ունենայ»:

. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ներկայիս մշակուող փոխադարձ հասկացողութիւնները պիտի յանգեցնեն ուրբաթ օր կառավարութեան նիստի օրինաթիւի ապահովման, այսինքն` շիի նախարարները նիստը պոյքոթի պիտի չենթարկեն»:

. «ԱՍԱՍ». «Բանակի հրամանատար զօր. Հայքալ կը սերտէ այն ծրագիրը, որ ուրբաթ օր կառավարութեան պիտի ներկայացնէ: Ան հանդիպումներու ծիրին մէջ նիստէն առաջ ժողով պիտի գումարէ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարին հետ, որ պիտի մասնակցի ծրագիրի եւ անոր գործադրութեան կարելիութեան արժեւորման»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 4000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.450.000 լ.ո.-ի եւ 1.490.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 3000 լ.ո. -ով եւ հասաւ 1.323.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 26.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.007.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Փութին. «Ռուսիան Երբեք Չէ Առարկած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան, Սակայն ՕԹԱՆ-ը Այլ Հարց Է»

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութենէն Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.