Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Մենք կը վստահինք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին, եւ ան պատրաստ է իր երկրի շահին համար Իսրայէլի հետ բանակցելու»:
«Շարհի նպատակները այսօր համահունչ են Ուաշինկթընի նպատակներուն», նշեց Պարրաք:
«Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները պատմական են», ըսաւ ան:
Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ յայտարարեց. «Ամերիկան լիբանանեան բանակի կողքին կը կանգնի»:


