Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնները»:
«Ընդգծեցինք Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման համար նախագահ Աունի ջանքերուն մեր աջակցութիւնը», ըսաւ դեսպանը:
«Ընդգծուեցաւ Եգիպտոսի Լիբանանին աջակցութիւնն ու նախագահին ղեկավարած քայլերը դիւրացնելու դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան հեռացման, բան մը, որ վերահաստատուեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Գահիրէ վերջին այցելութեան ընթացքին», նշեց Մուսա:
Ան յայտարարեց, թէ նախագահ Աունին յանձնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի գրաւոր նամակը, որ կը պարունակէր պաշտօնական հրաւէր մը 1 նոյեմբերին մասնակցելու Եգիպտոսի մեծ թանգարանի պաշտօնական բացումին:
Եգիպտոսի դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Զէնքի մենաշնորհն ու պետութեան իշխանութեան տարածումը ազգային սկզբունքներ են, որոնց շուրջ քննարկում չկայ: Մինչ գործադրութեան մեքանիզմները կը մնան լիբանանեան հարցեր, որոնք միշտ կը լուծուին երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան ճամբով»:


