Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Երէկ Համասի ղեկավարներէն մէկը ոչնչացուցինք, օրեր առաջ հուսիներու կառավարութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը ոչնչացուցինք, ինչպէս նաեւ ուժեղ հարուածներ հասցուցինք Իրանի հիւլէական ծրագիրին, եւ կը շարունակենք ոչնչացնել իրանեան առանցքն ու Համասը եւ վերատիրանալ բոլոր գերիներուն»:
«Լիբանանի մէջ Հըզպալլան կը հարուածենք ամէն անգամ, որ փորձէ գլուխը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ քանի մը օր առաջ Սուրիոյ մէջ կատարեցինք զինուորական գործողութիւն մը, որուն մանրամասնութիւններուն մէջ պիտի չմտնեմ», նշեց Նեթանիահու:
«Կառավարութիւնը տապալել փորձող բոլորին կ՛ըսեմ` ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
«Քանի մը շաբաթ առաջ Իսրայէլի պետութեան հռչակումէն ի վեր անոր սպառնացող մեծագոյն վտանգը ոչնչացուցինք», նշեց Նեթանիահու:


