Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաժժի. «Տնտեսական Բարեկարգումները Գործադրելէ Եւ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելէ Առաջ Լիբանանի Մէջ Որեւէ Ներդրում Պիտի Չըլլայ»

September 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի էմիրաթական «Իթթիհատ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան պետութեան զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը կը նկատուի 35 տարի առաջ ստորագրուած Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր սպասուած պատմական քայլ մը եւ սկիզբ մը ստեղծելու օրէնքի եւ գերիշխանութեան պետութիւն մը, որ երկրին մէջ թէ անկէ դուրս պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումի մենաշնորհը ունի»:

«Նախարարաց խորհուրդի այս քայլին որդեգրումը տեղի պիտի չունենար առանց հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին համաձայնութեան, բարեկամ ու եղբայրական պետութիւններու աջակցութեան», նշեց Ռաժժի` աւելցնելով. «Լիբանանցիները երկար սպասեցին պետութեան իր ամբողջական իշխանութեան տարածման»:

«Միջազգային ընտանիքը, ներառեալ ելեւմտական մեծ հաստատութիւնները, ինչպէս Միջազգային դրամատունն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը, Լիբանանին որեւէ աջակցութեան տրամադրում կապեցին երկու հիմնական պայմաններու` փտածութեան ու մսխումի դէմ պայքարելու համար տնտեսական բարեկարգումներ կատարելուն եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն, եւ այդ պայմանները յարգելէ առաջ դէպի երկիր որեւէ գումար կամ ներդրում պիտի չհոսի», յայտնեց Ռաժժի:

«Լիբանանին իբրեւ անկախ եւ գործօն պետութիւն իր արաբական շրջապատին մէջ բնական դերին վերադառնալը շրջանային հաւասարակշռութիւնը պիտի վերականգնէ եւ լիբանանցիներուն յոյս պիտի պարգեւէ ապագայի մը նկատմամբ, որ հիմնուած է բարգաւաճման ու կայունութեան վրայ, եւ ոչ թէ` տագնապներու վրայ», նշեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հանի. «Կը Յուսանք, Որ Շիի Նախարարները Կառավարութեան Ուրբաթ Օրուան Նիստէն Չեն Հեռանար»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.