Զօր. Միշել Սլէյման Կը Շեշտէ Վարչապետ Սալամի Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը
Զօր. Միշել Սլէյման Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախորդ տասը տարիներուն ընթացքին Լիբանան ուժ եւ դիմադրողականութիւն ցոյց տուած է շրջակայ երկիրներուն` նկատել տալով, որ նախագահական նստաշրջանին երկարաձգումը վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրին ներկայացուցած արժէքին վրայ: Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան ուղին խանգարուած է` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումն ու կառավարութեան աշխատանքին ընթացքը իրենց կարգին...

















