Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ. «Օտարին Վրայ Գրաւ Դնելով Կարելի Չէ Լիբանանի Յաղթանակը Ապահովել»

June 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-12-15_jemayelՓաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան 30-րդ համագումարի բացման ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կը մնայ քաղաքացիական պետութեան պարտադիր անցքը` կարեւոր նկատելով «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որուն մէջ նշուած էր չէզոք ըլլալու կարեւորութիւնը, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեցուածքին համազօր էր:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքականութիւնը խորհրդակցական է եւ ոչ թէ ինքնաբուխ կամ թելադրական:

«Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ժողովուրդին եւ անոր խղճին կուսակցութիւնն է, իսկ այն քաղաքականութիւնը, որուն առանցքները մարդ արարածն ու երկիրը չեն կազմեր` կրնայ տապալիլ», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հաստատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, խորհրդարանի աշխատանքներուն աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն իրաւունքը խլելը պետութեան հասկացողութենէն դուրս գալ կը նշանակէ: «Օտարին վրայ գրաւ դնելով կարելի չէ Լիբանանի յաղթանակը ապահովել, այլ անիկա անձնասպանութիւն գործել է եւ յաղթանակը անկարելի է առանց լիբանանեան միասնականութեան», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց Քալպ Լաուզէի սպանդը` շեշտելով, որ հաւատադրժողական ուժերուն ձեռամբ գործուած ցեղասպանութիւնը թիրախ դարձուցած է քաղաքացիները: Ան հաստատեց, որ տիւրզի համայնքին դէմ գործուած այդ սպանդը մարդկային արժէքներու դէմ գործուած ոտնձգութիւն է եւ ամէն իմաստով դատապարտելի:

 

 

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի. «Կառավարութեան Աշխատանքին Սառեցումը Վնաս Կը Հասցնէ Երկրին Ապահովութեան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց «Արսալի Արծիւ»-ը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.