Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամիլ Սէյիտ. «Արսալի Բնակիչները Ժապհաթ Նուսրայի Պատանդներն Են, Իսկ Առեւանգուած Բանակայինները Արսալի Մէջ Են»

June 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժամիլ Սէյիտ
Ժամիլ Սէյիտ

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներէն փախուստ տուած Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները արդէն իսկ մուտք գործած են Արսալ եւ մտահոգութիւն կը պատճառեն Արսալի բնակչութեան, որ դարձած է այդ զինեալներուն պատանդը:

Սէյիտ ընդգծեց նաեւ, որ Ժապհաթ Նուսրայի առեւանգած բանակայինները այլեւս Արսալի բարձունքներուն վրայ չեն գտնուիր այլ` Արսալի կարգ մը բնակարաններուն մէջ, որոնք ուղղակիօրէն շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի հակակշիռին տակ կը գտնուին, եւ Հուժէյրին է, որ կը կազմակերպէ առեւանգուած բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ հանդիպումները:

Սէյիտ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ յատկապէս այդ հոսանքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի մղած արշաւը, թէ Հըզպալլայի մարտիկները Արսալին վտանգ կը սպառնան, այնպիսի արշաւ մըն է, որուն նպատակը Արսալի պաշտպանութիւնը չէ, այլ` Արսալի մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն պաշտպանութիւնը:

«Մինչդեռ Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է յստակ զօրակցութիւն ցուցաբերէ բանակին, որպէսզի ան կարենայ լուծել հարցը եւ ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը հաստատէ Արսալի մէջ: Դժբախտաբար Մուսթաքպալ հոսանքը այս հանգրուանին եւս կը ցուցաբերէ նոյն կեցուածքն ու մօտեցումը, որոնք ցուցաբերուած էին Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ Ֆաթհ Իսլամի եւ Սայտայի մէջ Ահմետ Ասիրի պարագաներուն», ընդգծեց Սէյիտ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը Եւ Մաալուլայէն Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.