Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետական եւ քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն` վերաշխուժացնելու կառավարութեան աշխատանքը եւ առիթ տալու խորհրդարանին, որ ան վերադառնայ օրէնսդիր աշխատանքի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իր արձանագրած յաղթանակներուն ընդմէջէն արաբ ազգին յոյս ներարկած է:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ արաբ ժողովուրդին ապագան ուղղակիօրէն առնչուած է իսլամութեան յաղթանակին եւ Իսրայէլի ջնջումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուիլն է, իսկ ոմանք թշնամին ճշդող կողմնացոյցը կորսնցուցած են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքները վերահաստատելու ջանքերը պիտի շարունակուին:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք է իշխանութեան իր անդամալոյծ իրավիճակէն փրկել, որպէսզի կարելի ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել:

ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ այս հանգրուանին առաջնահերթութիւնը լիբանանեան բանակին է եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա իրանեան օրակարգին մաս կը կազմէ:

ՇԷՅԽ Մուսթաֆա Հուժէյրի, ծանօթ իբրեւ Ապու Թաքիէ, հերքեց այն լուրերը, թէ ինք  ժապհաթ Նուսրայի անդամ է: Ան հաստատեց նաեւ, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին գծով ինք ոչ մէկ կերպով կրնայ օգտակար ըլլալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի ցաւ յայտնեց հանրապետութեան նախագահի մը չընտրուելուն պատճառով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ եթէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը Ապպասիէ-Ղաժար-Ուազզանի ճամբուն բաց մնալուն իմաստով միջոցառումներու չդիմեն, ապա իրենք մագլցողական յաւելեալ քայլերու պիտի դիմեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք Լիբանանի հողէն հատիկ մը իսկ պատրաստ չեն զիջելու թշնամի Իսրայէլի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս ընդգծեց, որ կարելի չէ անձնատուր ըլլալ Լիբանանի գոյացութեան սպառնացող հրդեհներուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ կոչ ուղղեց միասնականանալու` կերտելու համար իր քաղաքացիներուն ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը յարգող պետութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը գտնուի Արսալի մօտակայ բարձունքներուն վրայ եւ ոչ թէ զինեալները:

 

 

Նախորդը

Ռուսական Կործանիչ Մը Ամերիկեան Խորտընկէցի Մը Վերեւ 150 Մեթր Բարձրութեան Վրայ Թռիչք Կատարած Է

Յաջորդը

Ժամիլ Սէյիտ. «Արսալի Բնակիչները Ժապհաթ Նուսրայի Պատանդներն Են, Իսկ Առեւանգուած Բանակայինները Արսալի Մէջ Են»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?