Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Մաժտալիունի մէջ ձերբակալեց Ալա Մ. անունով քաղաքացի մը, որ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն է:
Միւս կողմէ, Պեքաայի Թալիա գիւղաքաղաքին մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց երկու սուրիացիներ` Ժումաա Ահմետ Մուսթաֆա եւ Ազիզ Ահմետ Մուսթաֆա, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ էին եւ իրենց մօտ ունէին զինուորական սարքեր, Ժապհաթ Նուսրայի կարգախօսներ: Նշենք, որ այս երկու սուրիացիներուն կ՛ընկերակցէր նաեւ երրորդ մը` իր կնոջ հետ. ան իր կնոջ հետ կրցած էր փախուստ տալ:


