Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Եարզէ

Յունիս 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-11-15_salam_yarze

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան այցելեց Եարզէ, ուր դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի կողմէ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Մուքպելի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակն ու բանակին վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ կառավարութեան, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն մարտահրաւէրները որոշ ատենէ մը ի վեր սկսած են. լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ապահովական ծրագիրներու գործադրութեամբ եւ մեծ ջանքերով կարելի եղաւ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատել: Ան աւելցուց, որ ապահովական այդ կայունութիւնը ցնցելու նպատակով թշնամին փորձեց սադրանքներ նախապատրաստել, սակայն Լիբանան կրցաւ յաղթահարել նաեւ սադրանքն ու բացայայտել անոր հասցէն հանդիսացող որջերը:

«Սակայն Լիբանան տակաւին ենթակայ է արտաքին վտանգի, որ կը մարմնաւորուի թշնամի Իսրայէլով, որ մնայուն կերպով կը խախտէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, իսկ այդ ոտնձգութիւններէն վերջինը պատահեցաւ երկու օր առաջ, երբ իսրայէլեան ուժեր բռնագրաւուած Շեպաայի մէջ փշաթելեր զետեղեցին», ըսաւ ան:

Սալամ աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարը բարձր գնահատած է լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ խոհեմ կեցուածքները` իսրայէլեան այդ ոտնձգութիւններուն հակազդելու իմաստով:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը իր առաքելութիւնը լիովին կը կատարէ` օգտագործելով իր բոլոր կարողութիւնները, Լիբանանի կառավարութեան յստակ եւ անկեղծ զօրակցութեան ներքեւ:

«Բանակը գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պաշտպանէ երկիրն ու քաղաքացիները` երաշխաւորելով երկրին սահմաններուն ապահովութիւնը: Այս առումով ճիգ չենք խնայեր բանակը զինելու արդիական զէնքերով ու զինամթերքով, որպէսզի ան իր առաքելութիւնը կարենայ աւելի հեզասահ կատարել` ունենալով յարմար միջոցները: Լիբանանեան բանակին օժանդակող հիմնական ազդակներէն մէկը կը նկատուի լիբանանեան ազգային միասնականութեան մթնոլորտը», ըսաւ ան` ողջունելով բոլոր բանակայինները, բանակին նահատակներն ու անոնց հարազատները, առեւանգուած բանակայիններն ու անոնց ընտանիքները եւ շեշտելով, որ իրենք կը շարունակեն հետապնդել վերջիններուս ազատ արձակումին թղթածրարը, որպէսզի զանոնք ապահով վերադարձնեն իրենց ընտանիքներուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներն Ու Հոգեւոր Պետերը Կը Դատապարտեն Իտլիպի Մէջ Տիւրզի Համայնքին Դէմ Գործուած Սպանդը

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Բանակի Հրամանատարին Նշանակման Հարցով Չաճապարելու

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?