Լիբանանեան Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան դատապարտեց Քալպ Լաուզէի զաւակներուն դէմ գործուած բարբարոսական ոճիրը եւ իր համայնքի զաւակներուն հարց տուաւ. «Հաւատադրժողականներուն կողմէ Ժապալ Սամմաքի գրաւումէն 3 տարի ետք ինչո՞ւ առջի օր Իտլիպի մէջ տասնեակներ մորթուեցան»: Ան նշեց, որ պատասխանը յստակ է, որովհետեւ կարելի չէ Իտլիպի մէջ տիւրզիներուն դէմ տեղի ունեցածը չկապել իսրայէլեան-հաւատադրժողական միացեալ ծրագիրին:
Ան նշեց, որ Իտլիպի մէջ խնդիրը յարանուանական չէ, եւ յարանուանական որեւէ հրահրում տիւրզիներուն եւ իսլամներուն արիւնը հեղելու հրահրում մըն է:
Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այնպէս կը ներկայացուի, որ Ժապալ Արապը որեւէ պահու կրնայ գրաւուիլ` աւելցնելով, որ այս ճակատամարտը արաբներուն եւ Լիբանանի տիւրզիներուն ճակատամարտն է: «Ան որ Սուրիոյ Ժապալ Արապ շրջանին դէմ յարձակում կը գործէ, իր գերեզմանը պիտի ըլլայ այդտեղ», ըսաւ Արսլան:
Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ Քալպ Լաուզէի մէջ տիւրզիներու սպանութեան հարցով նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ մեծ տէրութեանց դեսպաններուն` անոնց կոչ ուղղելով տիւրզիներուն արիւնահեղութեան հարցով վճռական կեցուածք որդեգրելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջինս միջամտէ Թուրքիոյ մօտ եւ զայն մղէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն իր աջակցութեան համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց. «Իսրայէլ որոշած է Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի զաւակները պաշտպանելու համար զինուորական միջամտութիւն չկատարել, հակառակ անոր որ Իսրայէլի տիւրզի ղեկավարները իսրայէլեան կառավարութենէն խնդրած են սահմանին սուրիական կողմը գտնուող իրենց եղբայրներուն զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել»: