Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիւրզի Համայնքի Յարանուանական Խորհուրդի Նիստ

Յունիս 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալպ Լաուզէի սպանդին լոյսին տակ երէկ կէսօրէ ետք Տիւրզի համայնքի յարանուանական խորհուրդը գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դատապարտեց տիւրզի համայնքին դէմ գործուած սպանդը, որ պատճառեց 30 զոհեր:

Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց նաեւ սուրիական վարչակարգին ռմբակոծումները, որոնք օրական 120 քաղաքացիի սպանութեան պատճառ կը դառնան:

Ան աւելցուց, որ սուրիական վարչակարգը ցարդ սպաննած է աւելի քան 350 հազար քաղաքացի եւ պատճառ դարձած, որ 7 միլիոն սուրիացիներ Սուրիոյ մէջ թափառաշրջիկի վերածուին, իսկ 3 միլիոնը Սուրիայէն դուրս Յորդանանի, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ մէջ գաղթականներ դառնան:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Քալպ Լաուզէի մէջ պատահածը անձնական դէպք է, եւ ինք իր ձեւով` խաղաղութեամբ պիտի լուծէ զայն, շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ կատարելիք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընդմէջէն:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքին թիւը 500 հազար է` կոչ ուղղելով հարցը հանդարտօրէն եւ քաղաքականութեամբ լուծելու, ընդգծելով, որ սուրիական վարչակարգին համար ո՛չ Սուրիան, ո՛չ ալեւիները եւ ոչինչ կարեւոր է:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը յանգելու` միջազգային եւ շրջանային համաձայնութիւն մը գոյացնելով, որպէսզի Ասատը կարելի ըլլայ վերջնականապէս իշխանութենէն հեռացնել, որովհետեւ քաղաքական լուծման կարելի չէ յանգիլ Ասատի ներկայութեան, այլ` փոխանցման շրջանի կառավարութեան մը կազմութեամբ:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Սուրիոյ հարաւը գտնուող արաբ տիւրզիներուն ճակատագիրը հաշտութիւնն է եւ սուրիացիներուն մեծամասնութեան հետ ապրիլը, «իսկ նեղլիկ ծրագիրներու մասին որեւէ մտածում համազօր է մեր կորուստին», ըսաւ ան` դատապարտելով Իսրայէլի յայտարարութիւնները:

«Մենք մնայուն կերպով կը զօրակցինք պաղեստինեան դատին», յայտնեց ան:

Ան շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ ու պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ կառչած մնալ լիբանանեան օրինականութեան: «Սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը սիւննի յարանուանութեան կը պատկանի, իսկ սուրիական վարչակարգին ահաբեկչութեան դիմաց անոնք ստիպուեցան միանալու Ժապհաթ Նուսրային: Սուրիոյ պատերազմը թեւակոխած է իր չորրորդ տարին, իսկ տիւրզի համայնքը կը զօրակցի սուրիացիներուն մեծամասնութեան, միւս կողմէ` ես չեմ յայտարարած, որ տիւրզիները Ժապհաթ Նուսրային կը զօրակցին», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Արտերկրի Լիբանանցիներուն Միասնականութիւնը Կարեւոր Է»

Յաջորդը

Ժահժահ Այցելեց Ժոմպլաթի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?