Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներն Ու Հոգեւոր Պետերը Կը Դատապարտեն Իտլիպի Մէջ Տիւրզի Համայնքին Դէմ Գործուած Սպանդը

June 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
6-11-15_wiam_wahab
Ուիամ Ուահապ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի եւ Լիբանանեան արաբական պայքարի շարժումի նախագահ Ֆայսալ Տաուտի հետ` խստիւ դատապարտելով Իտլիպի Քալպ Լաուզէ գիւղաքաղաքին մէջ տիւրզի համայնքին դէմ Ժապհաթ Նուսրայի գործած սպանդը:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ դատապարտեց Քալպ Լաուզէի սպանդը` շեշտելով, որ գործուած այդ սպանդը սուրիացի ժողովուրդը բաղկացնող հիմնական տարրի մը դէմ գործուած բացայայտ յարձակում է:

Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու եւ ապահովելու սուրիական ինքնութեան միասնականութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան խստիւ դատապարտեց Ժապալ Սըմմաքի տիւրզի համայնքին դէմ գործուած սպանդը` կոչ ուղղելով սադրանքներով չտարուելու եւ կառչած մնալու սուրիացի ժողովուրդին միացեալ դատին:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ շէյխ Նայիմ Հասանի եւ Ժոմպլաթի հետ` դատապարտելով տիւրզի համայնքին դէմ գործուած սպանդը, որ մարդկութեան դէմ գործուած է եւ թիրախ կը դարձնէ բոլոր ազգայիններն ու իսլամները:

Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Իտլիպի մէջ անմեղ քաղաքացիներու սպանութիւնը` կոչ ուղղելով արաբական աշխարհին եւ Եւրոպային կասեցնելու Սուրիոյ դէմ գործուող ցեղասպանութիւնը, որ համաշխարհային ցեղասպանութիւն է:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Քալպ Լաուզէի սպանդը` շեշտելով, որ անիկա Սուրիոյ յեղափոխութեան մէջ արձանագրուած վատագոյն նուաստացումն է:

Հարիրի Ժոմպլաթի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկեց Իտլիպի իրադարձութիւնները` ընդգծելով այս հանգրուանին գործակցութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ժոմպլաթի հետ` ընդգծելով, որ Քալպ Լաուզէի մէջ պատահած սպանդը դատապարտելի է:

Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Քայիտայի հետեւորդ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ Իտլիպի մէջ գործուած սպանդը եւ կոչ ուղղեց միասնականանալու` շրջանը մասնատել փորձող բոլոր ծրագիրներուն դէմ:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դատապարտեց Քալպ Լաուզէի մէջ տիւրզի համայնքին դէմ գործուած սպանդը` հաստատելով, որ անիկա սիրտ արիւնող արարք մըն է, որ կը փաստէ, թէ ահաբեկչութիւնն ու հաւատադրժողականութիւնը մէկ են, նոյնիսկ երբ անոնք տարբեր անուններ կը կրեն:

Ֆրենժիէ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ շեշտեց, որ բոլորը թիրախ դարձնող ահաբեկչութեան դէմ պէտք է միասնականութեամբ պայքարիլ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց Իտլիպի սպանդը` շեշտելով այս սպանդը գործող ահաբեկիչները պատժելու կարեւորութիւնը:

Մարոնի խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն դատապարտեց Իտլիպի սպանդը` հաստատելով, որ այդ վայրագ արարքները բոլոր համայնքները ահաբեկչութեան թիրախ կը դարձնեն` ընդգծելով, որ հաւատադրժողական այդ զինեալներուն մէջ սպանութեան բնազդն է իշխողը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Կասկածելիներ

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Եարզէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.