Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍԼԱՄ կրօնաւոր սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, հինգշաբթի, 18 յունիս 2015-ը կը զուգադիպի ռամատանի առաջին օրուան: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զգուշացուց վարչապետին իրաւասութիւնները վտանգի ենթարկելու հետեւանքներէն: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ...

Դիմադրութեան Մարտիկները Կը Շարունակեն  ՏԱՀԵՇ-ի Շարքերուն Մէջ Մեծ Վնասներ Պատճառել

Դիմադրութեան Մարտիկները Կը Շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի Շարքերուն Մէջ Մեծ Վնասներ Պատճառել

Դիմադրութեան մարտիկները երէկ շարունակեցին Ռաս Պաալպեքի վերեւ բախումները ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ` անոնց շարքերուն մէջ պատճառելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ, ինչպէս նաեւ ձախողեցնելով անոնց յարձակումը: Միւս կողմէ, սակայն, ՏԱՀԵՇ-ի գործած յարձակումին պատճառով Դիմադրութեան մաս կազմող մարտիկներ նահատակուեցան: Միւս կողմէ, Դիմադրութեան մարտիկներն ու սուրիական բանակը տիրեցին Թամսեթ ուատի Ահմարի եւ Քըրնեթ ուատի Ահմարի շրջաններուն, որոնք կը գտնուին Ժարաժիրի բարձունքներուն վերեւ: Ժարաժիրի...

Պըրրի. «Շեպաայի Դէմ Իսրայէլեան  Նոր Ոտնձգութիւնը Մերժելի Է»

Պըրրի. «Շեպաայի Դէմ Իսրայէլեան Նոր Ոտնձգութիւնը Մերժելի Է»

Զօր. Փորթոլանօ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան յաւելեալ սառեցում չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ սովորական է, որ այդ իրավիճակը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենայ Լիբանանի եւ անոր արժանապատուութեան վրայ` անդամահատելով կառավարութիւնը: Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ Շեպաայի դէմ իսրայէլեան վերջին ոտնձգութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ ինք սահմանային...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ասիրին,  Մուսթաքպալի Երեսփոխաններն  Ու Զօր. Փորթոլանոն

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ասիրին, Մուսթաքպալի Երեսփոխաններն Ու Զօր. Փորթոլանոն

Ասիրի եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժամալ Ժարրահ, Ռիատ Ռահհալ, Ամին Ուեհպէ եւ Զիատ Քատիրի: Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք համոզուած...

Մարոնի Եկեղեցւոյ Հոգեւորական Տարեկան  Հանդիպում` Պքերքէի Մէջ

Մարոնի Եկեղեցւոյ Հոգեւորական Տարեկան Հանդիպում` Պքերքէի Մէջ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւորական տարեկան հանդիպումին, որուն ընթացքին ցաւ յայտնեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակին համար` ընդգծելով, որ Լիբանան իր ներկայացուցած պատգամին` իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան երկիր ըլլալու իմաստով շեղումներ արձանագրած է: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ այդ շեղումները արձանագրուած են երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը խախտելու պատճառով` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն յանդգնութիւնը...

Ժահժահ. «Նախագահական Աթոռին Թափուր  Մնալը Վտանգաւոր Է Եւ Կը Ջանանք  Զայն Այդ Վիճակէն Դուրս Բերել»

Ժահժահ. «Նախագահական Աթոռին Թափուր Մնալը Վտանգաւոր Է Եւ Կը Ջանանք Զայն Այդ Վիճակէն Դուրս Բերել»

Սամիր Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Իլ Մաթինօ» իտալական օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը Լիբանանի համար վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ երկրին հաստատութենական սառեցումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ: «Հետեւաբար մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք նախագահական թափուր աթոռը իր վիճակէն դուրս բերելու եւ...

Բժիշկ Իսամ Մաալուֆ Ազատ Արձակուեցաւ

Էլլա Թաննուսի անդամահատումին հարցով բժիշկ Իսամ Մաալուֆ երէկ ենթարկուեցաւ դատավարութեան` Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Ժորժ Ռըզքի կողմէ: Ռըզք իր կարգին Մաալուֆի ազատ արձակման արտօնութեան պարագան փոխանցեց ընդհանուր դատախազութեան: Աւելի ուշ Ռըզք ազատ արձակեց բժիշկ Մաալուֆը` հարիւր միլիոն լ. ոսկի երաշխաւորագինի փոխարէն: Նշենք, որ Ռըզք պահանջեց կազմել մասնագէտ բժիշկներէ կազմուած յանձնախումբ մը եւ փոքրիկին մասին մանրամասն տեղեկագիր պատրաստել:

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Տասնեակ Մը Սուրիացիներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Պեքաայի Մարժ շրջանին մէջ ձերբակալած է սուրիացի գաղթական Մոհամետ Խալիլ Համմուտը, որ Արսալի մէջ բանակին դէմ յարձակում գործող կասկածելի մըն է, իսկ Սուրի Հըննիէ շրջանին եւ Լապուէի մէջ ձերբակալեց ինը սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցութեան յանցանքով կասկածելիներ են: Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակը ձերբակալեց երկու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն չդիմադրէր, ապա անոնք կրնային Ռաս Պաալպեք եւ Քաահ հասած ըլլալ: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ազգային պարտականութիւն է եւ ժիհատ` աւելցնելով, որ իրենք այդ պարտականութեան յանձնառու կը մնան: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ սահմանային գիծերուն վրայ Հըզպալլայի եւ...

Դիմադրութեան Մարտիկները Արդէն  Իսկ Անցած Են ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ  Պատերազմելու Հանգրուանին

Դիմադրութեան Մարտիկները Արդէն Իսկ Անցած Են ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ Պատերազմելու Հանգրուանին

Շուրջ տասը օր առաջ Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն դէմ զինեալ բախումներուն սկսած Դիմադրութեան մարտիկները, այդ խմբաւորումին հակակշիռին տակ գտնուող լիբանանեան հողերուն մեծ մասը ազատագրելէ ետք, երէկ անցան երկրորդ հանգրուանին` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ պատերազմին, ինչպէս յայտնած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Ռաս Պաալպեքի վերեւ: Բախումներուն...

Պըրրի Ընդունեց Նախարարներ  Ապու Սաապն Ու Ֆնէյշը

Պըրրի Ընդունեց Նախարարներ Ապու Սաապն Ու Ֆնէյշը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց կառավարութեան եւ խորհրդարանին վերաբերող շարք մը հարցեր:      

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Կը Մերժէ, Որ Կառավարութիւնը Նիստ Մը  Գումարէ Եւ Սահմանադրութիւնը Խախտէ

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ, Որ Կառավարութիւնը Նիստ Մը Գումարէ Եւ Սահմանադրութիւնը Խախտէ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ երկիրը բոլորը կրնայ ընդգրկել, այնքան ատեն որ սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը կը յարգուին: Ժրայսաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը իրաւասու է պետական կառոյցներու պետերը նշանակելու: Ան շեշտեց, որ վարչապետին զօրութիւնը կ՛երաշխաւորուի անոր նկատմամբ հանրապետութեան քրիստոնեայ նախագահին...

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

Ռամզի Ժրէյժ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ժրէյժ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ` յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը այս հինգշաբթի օր նիստի չէ հրաւիրուած, որովհետեւ կարգ մը նախարարներ կը մերժեն ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումէն բացի այլ օրակարգ քննարկել: «Քաղաքական նոյն...

Փոքրիկն Էլլա Թաննուսի Հարցով Պէյրութի  Դատախազութիւնը Այսօր  Կը Հարցաքննէ Բժիշկ Իսամ Մաալուֆը

Փոքրիկն Էլլա Թաննուսի Հարցով Պէյրութի Դատախազութիւնը Այսօր Կը Հարցաքննէ Բժիշկ Իսամ Մաալուֆը

Անթուան Պուսթանի Բժիշկներու տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին բժիշկները պահանջեցին ազատ արձակել բժիշկ Իսամ Մաալուֆը, որ արգելափակուած է նորածին աղջնակ Էլլա Թաննուսի զոյգ ձեռքերուն ու ոտքերուն անդամահատման պատճառով: Մաալուֆ նախապէս ընդունած էր, որ իր սխալով է, որ մանուկը հասած էր այդ վիճակին: Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Անթուան Պուսթանի շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն նստացոյցը, այնքան ատեն որ...

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Զօր. Սլէյմանի Եւ Ժեմայէլի

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Սլէյմանի Եւ Ժեմայէլի

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժամալ Ժարրահ, Հատի Հպէյշ, Ամին Ուեհպէ եւ Զիատ Քատիրի: Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին ուժը զայն ընտրող իսլամներուն զօրակցութեան մէջ կը կայանայ եւ ոչ թէ քրիստոնեայ համայնքի իր ներկայացուցչութեան: Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը սառեցնելը վտանգաւոր է...

Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Վաւերացուց  Շարք Մը Համաձայնագիրներ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Վաւերացուց Շարք Մը Համաձայնագիրներ

Երէկ, արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ  երեսփոխաններ Անթուան Սաատի, Ֆարիտ Խազենի, Խտըր Հապիպի, Խալետ Զահրամանի, Նաուաֆ Մուսաուիի եւ Ալի Պեզզիի, գումարեց իր հերթական նիստը: Նիստէն ետք Զէյն յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է կարգ մը ծրագիրներ, որոնց շարքին` Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանի պետութեան միջեւ...

Ժոմպլաթ. «Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն  Մեծամասնութիւնը Տակաւին Չի Գիտակցիր,  Որ Հանրապետութեան Նախագահութիւն Չկայ»

Ժոմպլաթ. «Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Մեծամասնութիւնը Տակաւին Չի Գիտակցիր, Որ Հանրապետութեան Նախագահութիւն Չկայ»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը տակաւին չի գիտակցիր, որ հանրապետութեան նախագահութիւն չկայ: Այս առումով ան կոչ ուղղեց քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն չկորսնցնելու պատմական առիթները եւ համոզուելու, որ պէտք է Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն ղեկավարներէն բացի այլ թեկնածուի շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: «Հաւանաբար Մարատա հոսանքի ղեկավար,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԵՊԱԱՅԻ եւ Քֆարշուպայի բնակիչները երէկ կէսօրին քանդեցին Սատտանէի մէջ իսրայէլեան ուժերուն տեղադրած փշաթելերը եւ հոն լիբանանեան դրօշ բարձրացուցին: ԿԸ նախատեսուի, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը նիստի մը չհրաւիրէ, բացի եթէ քննարկումի կարիքը ունեցող արտակարգ եւ հրատապ հարցեր ստեղծուին: ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս մաղթեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան...

Դիմադրութեան Մարտիկները Շարունակեցին  Ազատագրել Արսալի Բարձունքները

Դիմադրութեան Մարտիկները Շարունակեցին Ազատագրել Արսալի Բարձունքները

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ Արսալի բարձունքներուն վրայ շարունակեցին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն դէմ կռուիլ` ազատագրելով հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ բռնագրաւուած տարածքները: Դիմադրութեան մարտիկները երէկ իրենց հակակշիռին տակ առին Թուրքման, Քասիր, Աքապաթ Քասիր, Սիրի, Հարիքա եւ Թըննին հովիտները եւ այսպիսով անոնք Արսալի արեւելեան բարձունքները կապած եղան Ֆլիթայի բարձունքներուն: Ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած լուրերուն, Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլի Արսալի բարձունքներէն...

Պըրրիի Գնահատականով Ազգային  Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր  Կուսակցութիւններուն Միջեւ Համաձայնութիւնը  Կարեւոր Քայլ Մըն Է

Պըրրիի Գնահատականով Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Համաձայնութիւնը Կարեւոր Քայլ Մըն Է

Քանաան եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիի գնահատականով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ մըն է ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին, այլեւ ամբողջ Լիբանանի համար: Քանաան յայտնեց, որ Պըրրի նշած է, թէ...

Page 936 of 985 1 … 935 936 937 … 985

Արխիւներ