Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին Ռապիէի մէջ ընդունեց Ժիպէյլի ժողովրդային մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ապօրինի է եւ անիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սպաներուն կորովին վրայ:
Զօր. Աուն ընդգծեց նաեւ, որ նման պաշտօնավարութեան երկարաձգում վտանգաւոր նախընթաց է եւ սկսած է ստանալ անհատներու շահերը եւ ոչ թէ բանակին ու զինեալ ուժերուն շահերը պաշտպանելու բնոյթ: «Անկարելի է ընդունիլ, որ բանակի հրամանատարն ու սպաները դառնան պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան սարակները», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ բանակին պէտք չէ զօրակցիլ միայն երբ ան ճակատամարտի կը մասնակցի, այլեւ` խորհրդարանին մէջ, երբ անոր զինման անհրաժեշտութիւնը կայ:
Անդրադառնալով Արսալի բարձունքներուն վրայ տեղի ունեցող կռիւներուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ներկայիս լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջաններուն եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները կը մաքրագործէ` յոյս յայտնելով, որ այդ ճակատամարտը մօտիկ ապագային աւարտի:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ: Զօր. Աուն դատապարտեց Քալպ Լաուզէի սպանդը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց սպանդին պատճառած նահատակներուն համար: