Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու պայմանները տակաւին առկայ չեն:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ Ռամլեթ Պայտայի ծովափը պիտի չփակուի ժողովուրդին դիմաց:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազը սկսած է օգտագործուիլ արաբական երկիրներուն կողմէ` տապալելու համար ահաբեկչութիւնը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Իտլիպի տիւրզի համայնքը դէպի Յորդանան կամ Թուրքիա փոխադրելու մասին յայտարարութիւնները անճիշդ են, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ աշխատանք կը կատարուի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իր նախատեսութեամբ,  կառավարութեան աշխատանքները կրնան առաւելագոյնը երկու շաբաթ եւս տեւել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան բանակը իր մօտ ունի զինուորական քարտէս մը, որուն վրայ կը գտնուին Հըզպալլայի պատկանող մօտիկ եւ հեռաւոր դիրքեր:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ կառավարութեան նիստերուն կասեցումը իր հետեւանքները կ՛ունենայ երկրին տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականները վերադառնան իրենց երկրին ապահով վայրերը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ այս կամ այն կուսակցութեան կեցուածքին պատճառով կառավարութեան աշխատանքը կարելի չէ կասեցնել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան նիստերուն արգելակումը պիտի տեւէ ամբողջ ռամատանի ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ահաբեկչական ոչ մէկ կազմակերպութիւն կրնայ զինուորական ներխուժում գործել դէպի Թրիփոլի: Ան աւելցուց սակայն, որ ահաբեկչական կարգ մը քնացող բջիջներու կողմէ սահմանափակ արարքներ կրնան արձանագրուիլ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ Եգիպտոս իր կատարելիք պաշտօնական այցելութենէն անմիջապէս ետք կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա պիտի չհեռանայ արեւելեան լեռնաշղթայէն, յատկապէս երբ ան նկատառելի յաղթանակներ արձանագրած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱՆԿԱԽ հոսանքը երէկ Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Իսամ Ապու Ժամրայի: Անկախ հոսանքը զօրակցութիւն յայտնեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Հալէպի Մէջ Ետ Մղած Է Ընդդիմադիր Զինեալներու Մեծ Յարձակում Մը

Յաջորդը

Սէյիտ Սաֆիէտտին. «Դիմադրութիւնը Պիտի Յաղթէ Հաւատադրժողականներուն Եւ Պիտի Պաշտպանէ Լիբանանը»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?