Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տըրիան – Նայիմ Հասան Հանդիպում

June 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-16-15_deryan_hasan-fՀանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն յայտնեց, թէ իրենք կը զօրակցին տիւրզի համայնքին` ընդգծելով, որ իսլամական կրօնի բոլոր յարանուանութիւնները կատարեալ համաձայնութեան մէջ կը գտնուին:

«Միջիսլամական որեւէ սադրանք մեր կողմէ մերժելի է», ըսաւ Տըրիան` կոչ ուղղելով տիւրզիներուն պահպանելու համայնքը, որ ազգային համայնք է, իսկ Իտլիպի տիւրզիներուն դէմ յարձակումը դատապարտելի է եւ համազօր է բոլոր իսլամներուն դէմ գործուած յարձակումի մը:

Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ Իսրայէլ միակն է, որ կ՛օգտուի շրջանին դէմ նախապատրաստուած այս սադրանքներէն` ընդգծելով, որ իրենք համաձայն են, որ Իսրայէլ իրենց պատմական թշնամին է:

Ան շեշտեց, որ ռամատանը ներողամտութեան ամիսն է, եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ զինեալներուն այս ամսուան ընթացքին Աստուծմէ վախնալու:

Իր կարգին, շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան իսլամական եւ ազգային միասնականութեան սկզբունքներուն` աւելցնելով, որ տիւրզի համայնքին պատմութիւնը փայլուն է եւ այդ պատմութիւնը իրենց ազգային աւանդն է, որ ամէն գնով պիտի պահպանուի:

Տար Ֆաթուայի Մէջ

6-16-15_mustaqbal_deryanՄիւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքին մաս կազմող Մընիէ-Տըննիէ շրջանի երեսփոխանները, որոնց անունով երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երէկուան երկխօսութիւնը ընթացած է կատարեալ հանդարտութեամբ` աւելցնելով, որ քննարկուած են նախագահական ընտրութեան թղթածրարը եւ կառավարութեան ու խորհրդարանի աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ մեծ համբերութեամբ եւ իմաստուն կեցուածքով կը փորձէ լուծել կառավարութեան դիմագրաւած հարցը, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը վերադառնայ իր աշխատանքներուն:

Ապահովական կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆաթֆաթ ըսաւ, որ այնքան ատեն որ լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ դիրքաւորուած է, ապա բոլորը պէտք է վստահին բանակին դերակատարութեան:

 

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումին Մասին Լուրերը Կը Միտին Վախ Պատճառել Քաղաքացիներուն

Յաջորդը

«Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումն Է Կառավարութեան Նիստի Գումարումը Պահանջողը» Շեշտեց Սելիմ Ժրայսաթի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.