Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յունիս 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժրէյժ եւ Սալամ
Ժրէյժ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզը յուզող հարցերը եւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն թուայնացած սփռում կատարելու յանձնառութիւնը` հիմնուելով 2006-ին Ժընեւի մէջ ստորագրուած միջազգային համաձայնագիրին վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ կառավարութեան նիստերուն վերադառնալու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը սահմանադրական միակ իշխանութիւնն է, որ գրեթէ սովորական կերպով իր աշխատանքները կը կատարէր` նախագահական թափուր աթոռի իրավիճակին եւ խորհրդարանի աշխատանքին արգելակումին լոյսին տակ:

Ժրէյժ յայտնեց, որ ինք մաղթած է վարչապետին, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքը շարունակէ` լիբանանցիներուն ծառայելու համար:

Ան ըսաւ, որ ինք վարչապետ Սալամէն խնդրած է սահմանադրութեամբ իրեն տրուած իրաւասութեամբ կառավարութեան նիստին օրակարգը ճշդել` ընդգծելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի կառավարութեան պարտադրել անոր քննարկելիք օրակարգը, յատկապէս բանակի հրամանատարի նշանակման օրակարգը` նկատի ունենալով, որ անիկա սեպտեմբերին կատարուելիք առաքելութիւն մըն է:

«Այս օրակարգին պատճառով կարելի չէ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը եւ վարչական բարեկարգումի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերն ու անոնց նախարարութիւններուն վերաբերող խնդիրներ:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Եւրոպական տնտեսական եւ ընկերային յանձնախումբի նախագահ Հենրի Մալոս` ներկայութեամբ Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Ռոժէ Նըսնասի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ երկրի մը պետութեան քաղաքականութիւնը պէտք չէ ուղղակիօրէն կապ ունենայ այս կամ այն կուսակցութեան քաղաքականութեան հետ: Ան շեշտեց, որ «անկարելի է առիթ տալ, որ կուսակցութիւն մը Լիբանանի մէջ Իրանի եւ Պաշշար Ասատի կամքը  իրականացնէ»:

Ժուզու խստիւ դատապարտեց կարգ մը նախարարներու կողմէ կառավարութեան աշխատանքները սառեցնելու ընթացքը:

Ան մերժեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի կողմէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահական իբրեւ միակ թեկնածուն պարտադրելը` շեշտելով, որ զօր. Աուն Իրանի թեկնածուն է:

 

Նախորդը

Շնորհաւորութիւններ Եւ Բարեմաղթութիւններ` Սամի Ժեմայէլին

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Տնտեսական Եւ Ընկերային Յանձնախումբի Նախագահը

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In