Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Տնտեսական Եւ Ընկերային Յանձնախումբի Նախագահը

Յունիս 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_berri_15Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եւրոպական տնտեսական եւ ընկերային յանձնախումբի նախագահ Հենրի Մալոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Ռոժէ Նըսնասի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումէն ետք Նըսնաս յայտնեց, որ Մալոսի հետ քննարկած են լիբանանեան ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակն ու Լիբանանի մէջ Եւրոպական տնտեսական եւ ընկերային յանձնախումբին իրագործելիք ծրագիրները:

Իր կարգին, Մալոս շեշտեց, որ ինք զօրակցութիւն յայտնած է լիբանանցիներուն եւ խորհրդարանին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան շուրջ երկու միլիոն սուրիացի գաղթական հիւրընկալած է:

«Հանդիպումին ընթացքին ընդգծեցինք շրջանին հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու իմաստով Եւրոպական Միութեան դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տրամադրուելիք տնտեսական օժանդակութեան կարեւորութիւնը», ըսաւ ան:

Մալոս աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Եւրոպական տնտեսական եւ ընկերային յանձնախումբին նպատակները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին դերակատարութիւնը` Լիբանանի եւ շրջանին մէջ:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Տէյր Ահմարի քաղաքապետական համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Համտան Քէյրուզի եւ դատախազ Լապիպ Զուէյնի:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառավարութեան աշխատանքը վերաշխուժացնելու առումով:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի կացութիւնը կառավարական եւ օրէնսդրական առումով չի կրնար յաւելեալ արգելակում հանդուրժել:

Ան ըսաւ, որ Լիբանան կ՛ապրի քաղաքական խենթ օրեր, որոնք արդարացուցիչ պատճառներ չունին, ընդհակառակն` անոնք ժխտական կերպով կ՛ազդեն երկրին տնտեսական իրավիճակին վրայ:

Պըրրի նշեց նաեւ, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի:

Ան դիտել տուաւ, որ ինք մտահոգ է նաեւ Սուրիոյ կացութեամբ` շեշտելով, որ սէուտական-իրանեան մերձեցումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի եւ նախագահական ընտրութեան վրայ:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Մատրիտի Մէջ. Սեմինարի Մը Ընթացքին Թուրքիոյ Դեսպանին Խիստ Կերպով Քննադատած Են

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?