Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորութիւններ Եւ Բարեմաղթութիւններ` Սամի Ժեմայէլին

Յունիս 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_sami_jemayelՓաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ստացաւ շարք մը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ եւ բացիկներ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շնորհաւորեց Ժեմայէլը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքին:

Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ շնորհաւորեց զինք եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առումով:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Սամի Ժեմայէլի եւ Ամին Ժեմայէլի հետ: Ան շնորհաւորեց զանոնք` մաղթելով, որ լիբանանեան քաղաքական հաստատութիւնները վարակուին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ժողովրդավարութենէն, որովհետեւ Լիբանան առանց ժողովրդավարական վարչակարգի չի կրնար գոյատեւել:

Սամի Ժեմայէլ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն, որ մաղթեց, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուի:

Նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի իր կարգին շնորհաւորեց Ժեմայէլը եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը` բարձր գնահատելով կուսակցութեան մէջ տիրող ժողովրդավարութիւնը:

Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն իր կարգին շնորհաւորեց Ժեմայէլը` անոր կատարելով իր բարեմաղթութիւնները:

Նշենք, որ Սամի Ժեմայէլի շնորհաւորեցին նաեւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, մեծ թիւով երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի եւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ ընտրուելէ ետք, Սամի Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ իր միտքը անմիջապէս ուղղուած է Լիբանանի եւ իրենց գոյութեան համար զոհուած նահատակ հերոսներուն:

«Պատասխանատուութեան ծանր բեռ մը կը զգամ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի աշխատիմ Փաղանգաւոր կուսակցութեան բոլոր անդամներուն կողքին պահպանելու համար Լիբանանը: Բոլորս միասին պէտք է գործենք, որպէսզի Լիբանանը զարգանայ», ըսաւ ան` խոստանալով բոլոր լիբանանցիներուն հաւատարիմ մնալու բոլոր անոնց, որոնք զոհողութիւններ մատուցած են այս երկրին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Կասկածելի Եւ Ապօրինի Կերպով Լիբանան Մուտք Գործող Սուրիացիներ

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?