Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Կ՛աղօթենք Լիբանանի Մէջ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Համար»

Յունիս 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_rayi15Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց մարոնի առաջնորդներու սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պիտի քննարկուին մարոնի համայնքի առաջնորդարաններուն դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները, յատկապէս նկատի ունենալով Արեւելքի մէջ տիրող ողբերգական վիճակը:

Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, սիւնհոդոսը պիտի քննարկէ նաեւ հոգեւոր ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի յառաջիկայ տարուան ընթացքին, որ ըստ Ֆրանչիսկոս պապին, «Աստուածային ողորմութեան տարի»-ն պիտի ըլլայ:

Ան շեշտեց, որ սիւնհոդոսին ընթացքին մարոնի եկեղեցւոյ դիմագրաւած բոլոր հարցերը պիտի քննարկուին` հեռու ճնշումներէ եւ պարտադրուած պայմաններէ, կատարեալ ազատութեան եւ առարկայականութեան մթնոլորտի մէջ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց սիւնհոդոսի քննարկումներուն եւ տրուելիք որոշումներուն նկատմամբ գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ իրենք կ՛աղօթեն Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Լիբանանի մէջ ամբողջական հաշտութիւն գոյացնելու դիտաւորութեամբ` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: «Խիստ մերժելի է երկրին նախագահական աթոռը թափուր պահել ամբողջ տարուան մը համար եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը սառեցնել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան աւելցուց, որ այս վիճակով կարելի չէ 2020-ին` հինգ տարի ետք, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակը նշել:

«Մենք կ՛աղօթենք նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ պատերազմի աւարտին եւ Պաղեստինի խաղաղութեան համար», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տիւրզի Համայնքը Պիտի Չլքէ Իր Հողերը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Կասկածելի Եւ Ապօրինի Կերպով Լիբանան Մուտք Գործող Սուրիացիներ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?