Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

June 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել եւ Սալամ
Մուքպել եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել շեշտեց երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Սալամ իր դրական մօտեցումով եւ լաւատեսութեամբ պիտի կարենայ լաւագոյն ձեւով այդ հարցը լուծել:

Մուքպել յայտնեց, որ ինք վարչապետ Սալամի հետ երկար քննարկած է Արաբական միացեալ ուժերուն մաս կազմելու կարելիութիւնը, որ ստիպողական չէ` նկատի ունենալով Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին սառած իրավիճակը:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Մարոնի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, որ նշեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է լիբանանեան քաղաքական բարդ իրավիճակը եւ երկրին բոլոր մարզերուն վրայ անոր ունեցած ժխտական ազդեցութիւնը, յատկապէս զբօսաշրջական եղանակի սեմին:

Խազեն ընդգծեց, որ վարչապետ Սալամ խոհեմ կեցուածքով մտադրած է յաղթահարել արտաքին մարտահրաւէրները` աւելցնելով, որ վարչապետը ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու ներքին լիբանանեան անդորրը, կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ Լիբանանի ազգային շահերը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ «Թալալ Ապու Ղազալա» ընկերութեան սեփականատէր Թալալ Ապու Ղազալան` ներկայութեամբ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի: Քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Նախորդը

«Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումն Է Կառավարութեան Նիստի Գումարումը Պահանջողը» Շեշտեց Սելիմ Ժրայսաթի

Յաջորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Թալլեթ Քուշը Եւ Քըրնեթ Ռաս Սաապէն

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.