
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ իրենք կը հետեւին Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն` աւելցնելով, որ երկրին մէջ կ՛արձանագրուին դրական եւ ժխտական զարգացումներ: Այս շրջագիծին մէջ Ասիրի դրական նկատեց Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեանց միջեւ յայտարարուած միացեալ նպատակները, իսկ ժխտական նկատեց կառավարութեան աշխատանքին արգելակումը:
Ասիրի ողջունեց նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան վաւերացուցած եւ գործադրած ապահովական ծրագիրները, որոնք առիթ տուին պահպանելու Լիբանանի կայունութիւնը: «Լիբանան սիրուած երկիր է ոչ միայն Ծոցի երկիրներուն, այլեւ այլ երկիրներու կողմէ», ըսաւ ան:
Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա երբեք միջամուխ չ՛ըլլար լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին` աւելցնելով, որ Ռիատ կը փափաքի, որ լիբանանցիները համաձայնութիւն գոյացնեն նախագահական համախոհական թեկնածուի մը շուրջ:
«Նախագահական աթոռը թափուր պահելը Լիբանանի համար լաւ չէ ամէն իմաստով», հաստատեց Ասիրի:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուող երկխօսութեան` Ասիրի ընդգծեց, որ Ռիատ կը զօրակցի միջլիբանանեան որեւէ երկխօսութեան, որ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի կայունութիւն եւ սադրանքներու կանխարգիլում: «Սէուտական Արաբիա յանձնառու է լիբանանեան ներքին միասնականութեան», ըսաւ ան:


