Պէյրութը Վերածուած Է Աղբանոցի
Նաամէի աղբանոցին փակումէն ի վեր, Լիբանան կը դիմագրաւէ աղբերու կուտակումի եւ բնականաբար ապականումի հսկայ հարց մը, որովհետեւ «Սուքլին» ընկերութիւնը կասեցուցած է աղբ հաւաքելու իր աշխատանքը` նկատի ունենալով Ամրուսիէի եւ Քարանթինայի աղբերու վերամշակումի գործարաններուն սահմանափակ կարողութիւնները: Կենսոլորտային այս տագնապին բարդացումին լոյսին տակ երէկ կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց նիստ մը` ներկայութեամբ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի, պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշի եւ առողջապահական...


















