Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիթրի Տօնին Առիթով Միւֆթի Տըրիանի, Շէյխ Քապալանի Եւ Շէյխ Հասանի Քարոզները

July 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան
Միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան

Ֆիթրի տօնին առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթէն յայտնեց, որ քաղաքական իմաստով Լիբանան կը գտնուի տագնապալի իրավիճակի մը մէջ` շեշտելով, որ իրենք անշեղ կը մնան չափաւորականութեան կեցուածքէն եւ անհրաժեշտ կը նկատեն սահմանադրական հաստատութիւններուն վերաշխուժացումը:

Ան հաստատեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հանդուրժած է այնպիսի կացութիւններու եւ պայմաններու, որոնց լեռները չեն կրնար հանդուրժել, «հետեւաբար մենք կը զօրակցինք վարչապետին եւ նեցուկ կը կանգնինք անոր առնելիք բոլոր քայլերուն», ըսաւ ան:

Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, համերաշխութիւնն ու համակեցութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնը փրկութեան տօնն է` կոչ ուղղելով բոլորին իրարու հետ գործակցելու եւ հեռու մնալու անձնասիրութենէ, գոռոզութենէ եւ գերակայութեան բարդոյթէ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանը եւ լուծել անոր հարցերը:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ կառավարութեան եւ կը վստահին անոնց իմաստուն կեցուածքին` Լիբանանը միջհամայնքային եւ միջյարանուանական սադրանքներէ հեռու պահելու առումով:

Շէյխ Հասան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերաշխուժացնել երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան երկրին սահմանադրութեան եւ ազգային միասնականութեան:

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Մարտիկներն Ու Սուրիական Բանակը Զապատանիի Մէջ Կ՛արձանագրեն Նոր Յաղթանակներ

Յաջորդը

Տրոկպա Կրնայ Մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.