Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեքաայի Մէջ Կորսուած Են Հինգ Չեխեր

July 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուպոմիր Զաորալեք
Լուպոմիր Զաորալեք

Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ 5 չեխ քաղաքացիներու անյայտ կորսուելուն լոյսին տակ, Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուպոմիր Զաորալեք երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ երկրին ապահովական կառոյցներուն հետ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` բացայայտելու համար Պեքաայի մէջ անյայտ կորսուած 5 չեխերուն ճակատագիրը:

Զաորալեք ըսաւ, որ իր երկիրը լաւ կը վերաբերի Լիբանանի կառավարութեան հետ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հինգ չեխ քաղաքացիները փնտռելու նպատակով:

Զաորալեք հաստատեց, որ ամէնէն կարեւորը զանոնք գտնելն է:

Միւս կողմէ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ շեշտեց, որ չեխ քաղաքացիներուն կորսուելուն հարցը անակնկալ մը եղած է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ առեւանգումի այդ գործողութիւնը պատահած է ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, երբ անոնք Պէյրութէն Պեքաա կ՛ուղղուէին:

Համմուտ յայտնեց, որ իրենց համար այս հարցին ծալքերը մութ են եւ անոր ենթահողը կը մնայ անյայտ: Ան աւելցուց, որ իրենց համար տակաւին յստակ չէ, թէ այդ առեւանգումին պատճառները քաղաքակա՞ն են, թէ՞ նիւթական:

Դատախազ Համմուտ ընդգծեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները իրենց կարելին կ՛ընեն հետախուզական աշխատանքներու եւ կորսուած չեխ քաղաքացիները փնտռելու իմաստով:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Պետական Պիւտճէին Նիւթական Բացը Սկսած Է Վտանգ Սպառնալ Երկրին Ընկերային Կառուցուածքին»

Յաջորդը

Ժետտայի Մէջ. Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.