
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան ունենալիք դրական ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ ինք լաւատես է այդ համաձայնութեամբ եւ համոզուած է, որ անիկա կրնայ դրականօրէն ազդել նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ: