Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութը Վերածուած Է Աղբանոցի

July 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-21-15_garbage7-21-15_gensolordՆաամէի աղբանոցին փակումէն ի վեր, Լիբանան կը դիմագրաւէ աղբերու կուտակումի եւ բնականաբար ապականումի հսկայ հարց մը, որովհետեւ «Սուքլին» ընկերութիւնը կասեցուցած է աղբ հաւաքելու իր աշխատանքը` նկատի ունենալով Ամրուսիէի եւ Քարանթինայի աղբերու վերամշակումի գործարաններուն սահմանափակ կարողութիւնները:

Կենսոլորտային այս տագնապին բարդացումին լոյսին տակ երէկ կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց նիստ մը` ներկայութեամբ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի, պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշի եւ առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի:

Յանձնախումբը հաստատեց, որ ինք կը գումարէ Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր եւ զգայուն հանգրուանի ժողովը` ընդգծելով աղբերու թղթածրարին արմատական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Յանձնախումբը շեշտեց, որ այդ հարցը լիբանանեան ազգային մակարդակի վրայ կը գտնուի` շեշտելով, որ կենսոլորտի նախարարութենէն պահանջած է նոր աղբանոցներ գտնելու առումով նախաձեռնութիւն մը առաջադրել, մինչեւ նուազուրդի հոլովոյթին ամբողջացումը:

Միւս կողմէ, կենսոլորտային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ այդ հարցին լուծումը կրնայ վեց ամիս տեւել:

Համատէ պահանջեց Պէյրութի աղբերը «ընդունիլ»` աւելցնելով, որ Նաամէի եւ Շահհարի շրջաններուն դիմաց պէտք է խոնարհիլ` նկատի ունենալով, որ անոնք 18 տարիներու ընթացքին ստանձնեցին այդ բեռը:

Համատէ բոլոր շրջաններէն պահանջեց իր աղբերուն հարցը լուծել:

Համատէ ընդգծեց, որ կենսոլորտային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին նիստերը բաց պիտի մնան` գործակցելու կառավարութեան եւ նախարար Մաշնուքի հետ:

Իր կարգին, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք նշեց, որ անկարելի է այս հանգրուանին ռազմավարական ծրագիրներ մշակել` աւելցնելով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդին հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ժամանակաւոր լուծումներ:

Մաշնուք կոչ ուղղեց տարբեր շրջաններու քաղաքապետարաններուն օժանդակելու մայրաքաղաքին եւ լուծելու անոր աղբերու հարցը` նկատի ունենալով, որ Պէյրութի մէջ աղբանոցներ չկան:

Իր կարգին, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ քաղաքապետ Պիլալ Համատի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութը ողողած աղբերուն թղթածրարն ու անոր լուծման հեռանկարները:

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը փափաք յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ամէն ջանք ի գործ դնէ կառավարութեան մօտ եւ մղէ, որ «Սուքլին» ընկերութիւնը շարունակէ հաւաքել աղբերը, բացի զանոնք աղբանոց փոխադրելու աշխատանքէն:

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը պահանջեց նաեւ առեւտրական ընկերութեան մը հետ պայմանագրութեամբ մը առիթ ստեղծել, որ Պէյրութէն դուրս աղբանոց ստեղծուի, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդէն պահանջեց իրեն տրամադրել ռազմավարական ուսումնասիրութիւն մը` լուծելու համար Պէյրութի աղբերուն հարցը:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան Քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ` Պէյրութը ողողած աղբերուն պատճառով: Անոնք սպառնացին մագլցողական քայլերու դիմել, եթէ աղբերու կուտակումի հարցը շարունակուի:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ալլաուին Եւ Քազզին

Յաջորդը

Ոչ Եւս Է Լիբանանահայ Ներհուն Մտաւորական Եւ Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.