Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Հարց Կու Տայ Նախագահութեան Չէզոքութեան Մասին

July 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սելիմ Ժրայսաթի
Սելիմ Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ, նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հարցում մը ուղղեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի` քրիստոնեայ համայնքին հետ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումին գծով քննարկումներ կատարելու մասին:

Ան նշեց, որ այս հարցումը Մուքպելին կ՛ուղղուի նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ տիւրզի համայնքին հետ խորհրդակցութիւններ կատարուած են:

«Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ նախագահութեան առումով չէզոքութիւնը եւ ո՞վ վարչապետ Թամմամ Սալամին վեթոյի իրաւունք տուած է», հարց տուաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը` Ժրայսաթիի միջոցով:

Անդրադառնալով համախմբումին կեցուածքները քննադատող կողմերուն` Ժրայսաթի հարց տուաւ, որ Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան կառչածութիւնը կարելի՞ է ծայրայեղութիւն նկատել: Ան աւելցուց, որ համախմբումը իր արդար իրաւունքները կը պահանջէ:

Միւս կողմէ, Ժրայսաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին կոչուած է քննարկելու նախարարաց խորհուրդի գործելաոճը:

Անդրադառնալով աղբերու թղթածրարին` Ժրայսաթի շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է գիտնան, թէ այդ առումով նախարարաց խորհուրդը իր դերակատարութիւնը կատարած է` աւելցնելով, որ կենսոլորտի նախարարէն պահանջուած է այդ թղթածրարին լուծման համար յաջող նախաձեռնութիւններ առաջադրել:

Զօր. Աուն. «Կառավարութեան Տապալումը
Ներկայ Հանգրուանին Մեր Նպատակը Չէ»

Միւս կողմէ, զօր. Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան տապալումը ներկայ հանգրուանին իրենց նպատակը չէ:

Ան շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը կառավարութեան դիմադրութեան մէջ է եւ փողոցին մէջ շարժումը շարունակելը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգի որեւէ կէտի քննարկումը, նախքան կառավարութեան որոշում տալու գործելաոճի քննարկումը:

«Լիբանանցիներուն կենցաղային թղթածրարները համազօր են աղբերու թղթածրարին, որուն մասին կառավարութիւնը արդէն իսկ որոշում տուած է: Իսկ այդ հարցերուն կապուած համապատասխան նախարարները կրնան որոշումներ տալ, նախքան կառավարութեան դիմելը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք ցարդ չէ որոշած խորհրդարանի օրէնսդրական նստաշրջանի մը սկսելու շրջաբերականը ստորագրել, թէ ոչ` աւելցնելով, որ ինք խստիւ կը մերժէ վերադառնալ կառավարութեան տագնապին նախորդող շրջանին տիրող կացութեան:

Ան պահանջեց Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը` հաստատելով, որ ինք խստիւ կը մերժէ լուսանցքայնացումը:

«Պէտք է երկրին հաստատութիւններուն աշխատանքը բարելաւել, իսկ բարելաւելու հոլովոյթը կը սկսի հանրապետութեան հզօր նախագահի մը ընտրութեամբ», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շնորհաւորեց Իրանի ղեկավարութիւնը` հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստորագրուած համաձայնութեան առիթով:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան Պարգեւատրեց Ղարաբաղի Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Պետը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ալլաուին Եւ Քազզին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.