Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, որուն հետ քննարկեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած իրենց հարազատներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք առեւանգուած բանակային Իպրահիմ Մղէյթի եղբայրը` Նիզամ Մղէյթ յայտնեց, որ այցելութեան նպատակը Ապու Ֆաուրի նկատմամբ իրենց վստահութեան վերահաստատումն էր` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւնները տեղքայլի մէջ են:
«Մեզի խոստացուած է, որ մօտիկ ապագային պիտի վկայենք դրական քայլեր», ըսաւ Մղէյթ` աւելցնելով, որ քանի մը օրէն իրենք պիտի այցելեն նաեւ Մուխթարա` հանդիպում մը ունենալու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ կոչ ուղղեց ազատ արձակելու իրենց զաւակները եւ վերջ տալու անոնց հարազատներուն ահաւոր ողբերգութեան:
Ան բարձր գնահատեց այս իմաստով նախարար Ապու Ֆաուրի, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ի գործ դրած ջանքերը:
Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններ Ահմետ Ապպաս, Լամեհ Մուզահեմ, Իհապ Աթրաշ եւ Մայմուն Ժապեր ողջունեցին Ժապհաթ Նուսրան, որ լաւ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իրենց նկատմամբ` աւելցնելով, որ Ֆիթրի տօնին առիթով իրենց ընտանիքներուն հետ հանդիպումի նախաձեռնութիւնը Ժապհաթ Նուսրայինն էր եւ ոչ թէ լիբանանեան պետութեան:
Անոնք լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին իրենց նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերել եւ լուծել իրենց թղթածրարը:
Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Տոհա կատարած իր այցելութեան լոյսին տակ շեշտեց, որ այդ այցելութեան արդիւնքները դրական են` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով:
Իպրահիմ աւելցուց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը կը կեդրոնանան 16 բանակայինները ազատ արձակելու վրայ:
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք քաթարցի պատասխանատուները իսկոյն ուղղուեցան Թուրքիա` ամբողջացնելու համար յունիս ամսուան ընթացքին գրեթէ վերջնականացած բանակցութիւնները: