Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր չեխ պաշտօնակիցին` Լուպոմիր Զաորալեքի հետ: Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր բացայայտելու համար հինգ առեւանգուած չեխ քաղաքացիներուն ճակատագիրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, իսրայէլեան նաւ մը խզած է Լիբանանի ծովային սահմանները եւ մուտք գործած Ռաս Նաքուրա: Նշենք, որ բանակը նախանցեալ երեկոյեան Արսալի մէջ ձերբակալեց Հասան Մոհամետ Շահինը, որ Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումներուն մասնակցած էր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան տագնապի լուծման նշոյլներ գրեթէ չկան` շեշտելով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի անդրադառնայ կառավարութեան գործելաոճին: «Մենք կը պահանջենք, որ կառավարութիւնը նոր գործելաոճ մը որդեգրէ` նկատի ունենալով, որ նախկինը ձախողած է», աւելցուց Ալլուշ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընթացիկ ամսուան աւարտին արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ Պէյրութ կը գտնուի աղբերու անէծքին ներքեւ` աւելցնելով, որ այդ հարցը լուծելու իմաստով ոչ մէկ յստակ պատկերացում կայ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցիները վերաշխուժացուցած են բանակցութիւնները` լիբանանցի բանակայինները առեւանգող զինեալներուն հետ: Կը նախատեսուի, որ այս բանակցութիւններուն ընթացքին յստականան առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու մանրամասնութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան տագնապի լուծման ջանքերը անելի մատնուած են:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան տագնապի լուծման առումով ո՛չ առաջարկ, ո՛չ լուծում եւ ո՛չ ալ նախաձեռնութիւն գոյութիւն ունի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վաղը գումարուելիք կառավարութեան նիստը բարիք չի խորհրդանշեր եւ խոստմնալից չէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը մահաքունի մէջ է, սակայն անոր մահը պիտի չյայտարարուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ հիմնական հարցը այն է, որ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ սահմանադրութիւնը իր դիտանկիւնէն կը մեկնաբանէ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ եւրոպացիները կը ջանան Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը ծառայեցնել Լիբանանի տագնապին լուծման:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին համոզած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ հարցերը մեղմացնելու եւ հանդարտեցնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառավարութեան գործելաոճի թղթածրարը լուսարձակի տակ առած է նախարարաց խորհուրդի աշխատանքը սառեցնելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ պէտք է մահապատիժը վերահաստատել եւ զայն գործադրել ոճրագործներուն դէմ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ Անթուան Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական դէպքերուն համեմատութիւնը աւելի նուազ է, քան այլ երկիրներու մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է աղբանոց մը գտնելու եւ ոչ ոք կրնայ մերժել այդ պարտաւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Իրան յաջողած է հիւլէական իր ծրագիրին մասին միջազգային ճանաչում ապահովել եւ իր դէմ պարտադրուած պատժամիջոցները վերացնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին նկատմամբ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն մօտեցումները տարբեր են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ աղբանոցներուն հարցով  կառավարութիւնը օրինական կերպով կատարած է իր պարտականութիւնը եւ լուծումները պէտք է գտնուին` առանց անձնական հաշիւներն ու շահերը մտածելու:

 

 

 

Նախորդը

«Սուրուճի Յարձակումին Թիրախը Ազգային Միասնականութիւնն Էր» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

«Ամսական Աշխատավարձի Հարցը Կուսակցական Կամ Համայնքային Հարց Չէ, Այլ Իրաւունք» Ըսաւ Իպրահիմ Քանաան

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?