Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրաքի փոխնախագահ Իյատ Ալլաուին, որուն հետ քննարկեց շրջանին մէջ տիրող իրավիճակն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ կառավարութեան վաղուան նիստը վերջի՞նը պիտի ըլլայ, Քազզի ըսաւ. «Այս հանգրուանը տոկալու եւ դիմադրելու հանգրուան է եւ ոչ թէ նահանջելու եւ անձնատուր դառնալու հանգրուան»: