Հըզպալլայի Մարտիկներն Ու Սուրիական Բանակը Զապատանիի Մէջ Կ՛արձանագրեն Նոր Յաղթանակներ
Հըզպալլայի մարտիկներն ու սուրիական բանակը անցեալ շաբաթավերջին Զապատանիի մէջ արձանագրեցին շարք մը յաղթանակներ եւ յառաջացան դէպի Տարպ Շամ ու իրենց հակակշիռին տակ առին այդ շրջանը: Սուրիական օդուժին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն ռմբակոծումը Զապատանիի մէջ գտնուող հաւատադրժողական շարժումներուն կեդրոններուն պատճառ դարձաւ, որ անոնց շարքերուն մէջ տասնեակ զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ արձանագրուին: Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան Դիմադրութեան մարտիկները արգիլեցին խումբ մը զինեալներուն մուտքը...


















