
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ Իրանը, Սուրիան, Հըզպալլան եւ Համասը ահաբեկչութիւն կը գործեն:
Եաալոն ընդգծեց, որ պէտք է անյապաղ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլը միակ ժողովրդավար պետութիւնն է եւ ան պիտի արգիլէ, որ Սուրիա Հըզպալլային զէնք մատակարարէ: