Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Պաշտպանութեան Նախարարը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր, երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւելեան լեռնաշղթային վրայ բանակին կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դիմադրութիւնը եւ ահաբեկչական խմբաւորումներն ու ցանցերը հետապնդելու մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծած է Ռաս Պաալպեքն ու Արսալը: Նաքուրայի...


















